Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները համաձայնեցան «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրամիջոցի միջանցքի ծիրին մէջ բեռներու փոխադրութեան հարցով աշխատանքային խումբ մը կազմել եւ ստուգել սահմանային ու մաքսային կէտերը Ռուսիա-Ատրպէյճան եւ Ատրպէյճան-Իրան սահմաններուն վրայ:
Այս մասին, «Թասս» լրատու գործակալութեան յայտնեց Իրանի մօտ Ռուսիոյ առեւտրական առաքելութեան մէջ Տաղստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Թանայեւ, որ ռուսական պատուիրակութեան կազմին մէջ մասնակցեցաւ աշխատանքային խումբի կազմութեան փորձագէտներու հանդիպման:
«Մենք Տերպենթի մէջ փորձագիտական մակարդակով եռակողմ հանդիպում ունեցանք Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի պատուիրակութիւններուն միջեւ եւ ստուգեցինք մաքսային եւ սահմանային կէտերը», ըսաւ գործակալութեան զրուցակիցը: