Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին յորդորեց խուսափիլ Լիբանանի հետ յաւելեալ մագլցումէն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Պլինքըն «տագնապի յաւելեալ մագլցումէն խուսափելու, եւ իսրայէլացի ու լիբանանցի ընտանիքներուն իրենց տուները վերադառնալ արտօնող դիւանագիտական լուծում գտնելու կարեւորութիւնը շեշտեց»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտեց, որ պէտք է Կազայի մէջ մարդասիրական մարզին մէջ աշխատողները պաշտպանելու յաւելեալ քայլեր որդեգրել: