Ճշմարտութեան որո՞ւ քով պահուած ըլլալը դժուար է հաստատել: Որովհետեւ ամէն մարդ տրամադիր է ճշմարտութեան սեփականատէրը դառնալու, յայտարարելով, թէ ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ միայն իր մօտ կը գտնուի: Զարմանալի երեւոյթը այն է սակայն, որ ճշմարտութիւնը սեփականացնելու ջերմ փափաք ունեցողներէն ոչ ոք պատրաստ է անոր «գինը» վճարելու: Այլ խօսքով, անոնք կ’ուզեն ձրիաբար տիրանալ այդ մեծ գանձին, որ ճշմարտութիւն կը կոչուի:
Աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուսի մտածողութիւնը ճշմարտութեան մասին յստակ ուղղութիւն մը ունի: Այնտեղ նշուած է նախ՝ ճշմարտութեան բացարձակ հանգամանքը, որ Աստուծոյ կերպարով ներկայացուած է. բացարձակ ճշմարտութիւնը Աստուած Ի՛նք է: Բնականօրէն, այս կեանքի մէջ ալ կան ճշմարտութեան չափանիշներ, սակայն բոլորն ալ յարաբերական են: Ճշմարտութիւն՝ յարաբերաբար տուեալ երեւոյթի մը:
Իրենց լսածն ու գիտցածը բացարձակ ճշմարտութիւն ճանչնալէ բացի, ոմանք կը պնդեն անոր վրայ, առանց նկատի ունենալու այլոց կարծիքը այդ մասին: Երկու տարբեր կերպերով կը կիրարկուի այս. առաջին՝ տգիտօրէն, եւ երկրորդ՝ գիտակցաբար: Երկու պարագաներուն ալ, կիրարկուած արարքը յամառութիւն բառով ծանօթ է: Երկուքին միջեւ կան տարբերութիւններ, որոնք թէպէտ աննշմարելի են, սակայն որոշ գունաւորում մը կու տան յամառութեան տուեալ տեսակին:
Բոլորին ծանօթ կենդանիի մը բնազդային մէկ յատկանիշը նկատի ունենալով, զայն յամառութեան բացառիկ օրինակ իբրեւ կը մէջբերեն յաճախ: Էշն է այդ կենդանին, եւ իշուն յամառութիւնը միշտ ալ չափանիշ նկատուած է, նոյն կացութեան մէջ գտնուող ոեւէ մէկը ներկայացնելու պարագային: Դժբախտաբար, համեմատութիւնը մարդուն եւ այդ անասունին միջեւ առակագիրներուն ճամբով հասած է մեզի: Ընդհանրապէս առակագիրներ բնութեան, կենդանական աշխարհին ու շրջապատի երբեմն անկենդան իրերու կարգ մը յատկանիշերը կը համեմատեն մարդկային սովորութիւններուն հետ, եւ յաճախ անյարմար կացութիւններ կը ստեղծուին: Այսպէս, տգեղ տեսք ու ձայն ունեցող մարդը կը համեմատուի ագռաւին հետ: Խաբեբան՝ աղուէսին հետ, ծաղրածուն՝ կապիկին հետ, հսկան՝ փիղին հետ, եւայլն: Անշուշտ լաւ յատկանիշներն ալ նկատի կ’առնուին, մարդոց լա՛ւ յատկութիւնները մատնանշելու համար: Վատ սովորութիւններու շարքին կը յիշուի էշը, իր չափազանց յամառութեան պատճառաւ:
Մեր նպատակը անարգական ածական յօրինել չէ՛, այլ արդէն իսկ օգտագործուող համեմատական պատկեր մը յօրինակ այլոց ներկայացնելը, դաստիարակչական իմաստով: Հիմա անդրադառնանք յամառութեան երկու տեսակներուն.
Առաջին տեսակը, որ տգիտօրէն կիրարկուող յամառութիւնն է, աւելի զօրեղ ու անյետադարձ տեսակն է այս ախտին, որ միաժամանակ ինքնակործան է: Յաճախ օրինակը կը տրուի բարոյական պատմուածքի մէջ յիշուած խեղդուող անձին, որ իր յամառութեան իբր նշան, ջրամոյն վիճակով, ձեռք վեր կը բարձրացնէ ու ցուցամատն ու միջնեմատը մկրատի շեղբերուն օրինակով բանալ-գոցելով, կը պնդէ իր տեսակէտին վրայ: Մկրատը, որուն շեղբերը միայն մէկ ուղղութեամբ ու յարատեւ միեւնոյն շարժումը կը կատարեն, յամառութեան խորհրդանիշ է դարձեալ: Այդպէս ալ ուրեմն, տգիտօրէն իր գիտցածը պնդողը մեքենական սովորութիւն մըն է, որ կը կիրարկէ, առանց կարենալ թափանցելու ուրիշներու տալիք բացատրութեան:
Երկրորդ՝ գիտակցաբար իր յամառութիւնը կիրարկողը վատագոյն է, քան առաջինը: Ճիշդ է, առաջինը աւելի զօրեղ է, որովհետեւ տարբեր ընելիք չկայ անոր համար, բայց միայն իր գիտցածին վրայ պնդել: Մինչ գիտակցաբար յամառ եղողը կրնայ թերեւս պահ մը լսել ուրիշներուն ըսածը, առանց սակայն գործադրելու զայն: Որովհետեւ նման անձեր որոշա՛ծ կ’ըլլան իրենց տեսակէտին վրայ պնդել: Անոնք երբեմն կ’անդրադառնան, թէ ուրիշներուն կարծիքը աւելի տրամաբանական ըլլալ կը թուի, սակայն չեն ուզեր հաւատք ընծայել անոնց: Ուրեմն այս երկրորդ տեսակին պարագային կայ յամառութիւնը կիրարկելու որոշում մը, հաստատ կարծիք մը, նոյնիսկ սխալ, սակայն անձին կողմէ ընդունելի եւ անփոփոխելի տեսակէտ մը…:
«Սեւին սապոնն ինչ կ’անի, խեւին խրա՛տը» առածը արդէն հանրածանօթ է: Բարեբախտաբար անցեալին չկային այսօրուան ցեղային հաւասարութեան պաշտպանները, այլապէս սոյն առածին հեղինակը թերեւս խարոյկի կը դատապարտէին, անոր մէջ ցեղային խտրականութիւն տեսնելով:
Սեւամորթը ինչքան ալ օճառ գործածէ, մորթին գոյնը պիտի չկարենայ սպիտակացնել, իսկ անխելքին տրուած խրատը օգուտ մը կրնա՞յ ունենալ: Յամառութիւնն ալ անխելքութեան համազօր երեւոյթ մըն է: Յաճախ չէ՞ք նկատած, որ երբ յամառ անձի մը խրատ տալէ յոգնած, անոր բարիքը մտածողներ, ի վերջոյ անխելք կը կոչեն զայն: Այո՛, որոշ չափով անխելքութիւն է լսել խրատը եւ ականջ չտալ անոր ու շարունակել սխալին մէջ մնալ: Առակներու գիրքին հեղինակը, կեանքի փորձառութեամբ հարուստ, հետեւեալ հաստատումը կը կատարէ. «Իմաստունին խրատ տուր, եւ աւելի՛ իմաստուն պիտի ըլլայ. արդար մարդուն սորվեցուր, ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ» (Առ. 9.9): Իսկ այլ տեղ մը դարձեալ կ’ըսէ. «Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ. բայց յանդիմանութիւն մտիկ ընողը խելք կը վաստկի» (Առ. 15.32):
Յամառութիւնը մահուան նախադուռն է: Սովորական հաստատում մը չէ՛ այս: Որովհետեւ մտածել կու տայ այն մեծ սխալին՝ յամառութեան մասին, զոր գործադրելով, մարդ մահուան կ’առաջնորդուի: Մահերու միջեւ ալ որոշ տարբերութիւններ կան: Այսպէս, արկածահար մահ, գիտակցական մահ՝ որ անմահութիւն է, առողջութեան քայքայման հետեւանքով հասած մահ եւ այլ տեսակի մահեր: Սակայն ամէնէն կսկծալի մահուան տեսակն է անձնասպանականը, որուն հեղինակը, ենթական ու գործադրողը միեւնոյն անձը կ’ըլլան: Յամառութիւնը դէպի «անձնասպանութիւն» առաջնորդող ճամբան ըլլալով, կը դառնայ նախադուռը մահուան:
Բոլոր ադամորդիները երկու ականջ ունին իրենց գլխուն աջ ու ձախ կողմերուն ամրացուած: Ոմանք միայն բամբասանք կը սիրեն լսել ու ատով ալ կը հաճոյանան: Այդպիսիներուն մօտ աւելի յաճախ նկատելի է յամառութեան երեւոյթը, երբ իրենց ատած անձին մասին բացայայտուող ճշմարտութիւնը չեն ուզեր գիտնալ: Այլ յամառօրէն կը շարունակեն պնդել իրենց տեսակէտը անոր մասին, որ կրնայ սխալ ըլլալ: Աւելի՛ դրական պիտի ըլլար այդ ականջները բանա՜լ, ո՛չ թէ բամբասանքի ունկնդրութեան, այլ իրենց յամառութիւնը նուազեցնելու համար…: