
ՕՍԿՕ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի այրին՝ Երան Կիրակոսեան եւ զաւակները` տէր եւ տիկ. Զապէլ եւ Սեւակ Տեմիրճեաններ, Նաթալի, Ճորճ եւ Քրիսթին Կիրակոսեաններ իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Թորգոմ արք. Տօնոյեանին, Հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ծխական ընտանիքին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի եւ Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէնութիւններուն, ՀՅԴ Ռոստոմ կոմիտէին, Ասպարէզ օրաթերթի խմբագրութեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, ՀՕՄի Անահիտ մասնաճիւղի վարչութեան եւ անոր Շաբաթօրեայ վարժարանին, Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական միութեան եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն, որոնք անձամբ, գրութեամբ, հեռաձայնելով, ծաղկեպսակ ուղարկելով կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին: