
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թալինի մէջ, իր էսթոնացի պաշտօնակիցին հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկները ստանալէ ետք Երեւան Պաքուէն «դրական արձագանգ չի տեսներ» խաղաղութեան պայմանագիրը մէկ ամսուան ընթացքին ստորագրելու առաջարկին:
«Մենք գրեթէ վերջնականացրել ենք խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի տեքստը եւ Հայաստանը պատրաստ է այն մէկ ամսում ամբողջութեամբ աւարտին հասցնել եւ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը Ադրբեջանի հետ: Ես չեմ կարող ասել, որ մենք տեսնում ենք դրական արձագանգ Ադրբեջանից այս առաջարկին՝ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը մէկ ամսում», նշեց Միրզոյեան, որ սակայն շեշտեց, թէ Երեւան կը շարունակէ նուիրուած մնալ խաղաղութեան գործընթացին եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ դարձեալ ընդգծելով, որ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը եւ սահմանազատման գործընթացը պէտք է շարունակուի 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ:
«Ես խորապէս հաւատում եմ, որ այժմ Հարաւային Կովկասում հակամարտութեան էջը փակելու եւ տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելու պահն է: Այդ խաղաղութիւնն օգտակար կը լինի տարածաշրջանի բոլոր երկրների եւ մարդկանց համար: Մենք կը շարունակենք աշխատել այդ ուղղութեամբ եւ ակնկալում ենք մեր գործընկերների ամուր աջակցութիւնը, ովքեր հետաքրքրուած են Հարաւային Կովկասում կայունութեամբ եւ երկարատեւ խաղաղութեամբ», ընդգծեց Միրզոյեան:
Ճիշդ 3 շաբաթ առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը հասունացած է՝ առաջարկելով Ատրպէյճանին յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին զայն ամբողջացնել եւ ստորագրել: Պաքու ցայսօր այդ առաջարկին պաշտօնապէս չէ արձագանգած, սակայն Միրզոյեան արդէն կը խօսի Ատրպէյճանի բացասական դիրքորոշման մասին:
Տակաւին յստակ չէ, թէ ի՞նչ առաջարկներ ներկայացուց Պաքու Երեւանին՝ խաղաղութեան պայմանագիրի 10րդ խմբագրութեան մէջ, կողմերը փաստաթուղթին բովանդակութիւնը չեն գաղտնազերծեր: Սակայն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 27 Յունիսին առանց որեւէ մանրամասնութեան պնդեց, որ Երեւան եւ Պաքու խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ էական յառաջընթաց արձանագրած են:
«Շարք մը հարցեր, որոնց շուրջ խնդիրներ կան, էականօրէն նուազած են», ըսաւ Պայրամով՝ դարձեալ շեշտելով, թէ խաղաղութեան գործընթացը աւարտին հասցնելու ամէնէն լուրջ խոչընդոտը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը:
«Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները կը շարունակեն մնալ Հայաստանի հիմնական օրէնքին՝ Սահմանադրութեան մէջ», ըսաւ ան:
Պաքու խնդրայարոյց կը նկատէ Հայաստանի մայր օրէնքին մէջ յիշատակուած Անկախութեան հռչակագիրը, որուն մէջ յղում կայ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման:
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵՆ ՊԱՔՈՒԻՆ
27 Յունիսին, Պաքուին հակադարձեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան՝ անգամ մը եւս վերահաստատելով Հայաստանի դիրքորոշումը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Երեւանի ներքին գործն է:
«Ի հարկէ, մեր Սահմանադրութիւնն ունի փոփոխութեան կարիք ու խօսքը գնում է մի շարք յօդուածների մասին: Սա նորմալ (բնական) է, երեւի չկայ մի երկիր, որտեղ նման գործընթացներ չլինեն, բայց դա չի կարող լինել այլ երկրի ճնշման տակ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Ատրպէյճան որեւէ առաջարկ չի ղրկեր, փոխարէնը անդադար նախապայմաններ կը դնէ՝ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Բարդ է ասել արդեօք դա իսկապէս նախապայման է հէնց այդ բովանդակութեամբ, թէ դա պարզապէս ցանկութեան բացակայում է՝ առաջ շարժուել բանակցութիւնների առումով: Սա դեռ հարց է, որին մենք պատասխան չունենք, կարծում եմ, ոչ մէկը չունի այդ պատասխանները»:
Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ 30 Դեկտեմբեր 2026 նոր սահմանադրութեան նախագիծ մշակելու յանձնարարութիւն տուաւ սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ. ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ
Արարատ Միրզոյեան իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին չշրջանցեց նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նիւթը:
«Հայաստանը պատրաստ է ամբողջութեամբ կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիայի հետ, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բացել սահմանները», ըսաւ ան:
Խօսելով 3րդ երկիրներու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար սահմանի բացման մասին, Միրզոյեան շեշտեց, որ արդէն ժամանակն է իրականացնելու այդ պայմանաւորուածութիւնը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ ՌՈՒՍ-ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին լրագրողներ Միրզոյեանին հարցուցին ռուս-ուքրանական պատերազմին վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումին մասին: Արարատ Միրզոյեան ըսաւ, թէ, անշուշտ, Հայաստան կտրականապէս դէմ է պատերազմին:
«Մենք չենք կարող դա հանդուրժել ոչ միայն մարդկային տեսանկիւնից, այլ նաեւ այն առումով, որ մենք նոյնպէս բախուել ենք այդ նոյն արհաւիրքին մեր տարածաշրջանում: Մենք տեսել էք, թէ ինչպէս է քաղաքացիական բնակչութիւնը բռնի տեղահանւում, ինչպէս են քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորւում եւ այլն: Պատերազմը մշտապէս սարսափելի բան է, եւ մենք կտրականապէս դէմ ենք պատերազմին: Մենք աջակցում ենք ոչ միայն խաղաղութեանն ու կայունութեանը, այլեւ երկրների տարածքային ամբողջականութեանը: Մենք միայն կարող ենք կոչ անել երկրներին դադարեցնել թշնամութիւնը», ըսաւ Միրզոյեան: