Չորեքշաբթի, 26 Յունիսի յետմիջօրէին, ՀԵԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արենի Համբարեան, Ալեքս Մանուկեան եւ Անի Ղազարեան, հերթապահ Թենի Ալավէրդեանի գլխաւորութեամբ՝ այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ իրենց ջերմ շնորհաւորանքները փոխանցեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, նոյն ատեն անոր ներկայացնելով շրջանին մէջ գործող ՀԵԴի կառոյցը, աշխատանքային ծիրը, իրագործումները եւ վարչութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ իրենց ներդրումը ունենալու ազգային կեանքի զանազան մարզերու յառաջդիմութեան եւ վերելքին մէջ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց ուխտեալ երիտասարդներուն ազգային ոգին եւ հայրական իր խրատները փոխանցեց անոնց՝ թելադրելով միշտ պատրաստ ըլլալ հո՛ն, ուր պարտականութիւնը կը կանչէ, ապա իր օրհնութիւնները փոխանցեց եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ազգօգուտ ծրագիրներուն: