
Զ․ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Ծ․Խ․- Ստորեւ, յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք այս գրութիւնը, որ կարդաց լուսահոգիին եղբայրը՝ Զաւէն Թորիկեանը, յուղարկաւորութեան օրը՝ Յունիս 12ին։
Չորս հատ թիւ, ապա գծիկ եւ կրկին չորս հատ թիւ։
Զահրատի սիրահարները հաւանաբար շուտով կռահեցին։ Եզակի գրչի տէր, այս պոլսահայ բանաստեղծին հարիւրամեակը կը նշենք այս տարի:
Թուական մը, ապա գիծ եւ թուական մը։
Մանրամասնենք այդ «թուական մը, ապա գիծ եւ թուական մը» եզրոյթը․
Անձի մը կեանքն է․ երկու թուականներ, որոնք իրարմէ կը բաժնուին գծիկով մը։
Թուաբանութեան մէջ վարպետ՝ Հուրիին համար այդ գծիկը ոչ մէկ կապ ունի կողքի թիւերուն հետ։ Ինքն ալ քաջատեղեակ է։ Ո՛չ մէկ կապ նաեւ մեր մանկութեան օրերու թուաբանական մրցումներուն հետ, ուր միշտ ալ ինք էր յաղթականը։ Տակաւին, ո՛չ մէկ կապ՝ այդ հին օրերուն մեր նախասիրած ֆրանսացի բանաստեղծ Ժագ Փրեւերի Page d’ecriture-ին հետ, որմէ որքա՜ն պարզ ու դիպուկ տողեր կը յիշեմ հիմա.
Deux et deux quatre
quatre et quatre huit
huit et huit font seize…
Ականջը խօսի «մատամ» Եոլանտին եւ պարոն Շահինեանին (յետ մահու)։
Ա՜խ այդ գծիկը։ Անձի մը ամբողջ կեանքն է այդ գծիկը։
Ապրուած օրեր։ Պէտք է ըսել՝ Հուրիին պարագային այդ օրերուն վերջին փուլը դաժան եղաւ։
Հիմա պիտի զարմանան նոյնիսկ ամենամօտիկ հարազատները, եթէ ըսեմ որ Հուրին քիչ մնաց, որ 28 Մայիս 2024էն շա՜տ ու շա՜տ առաջ, տասնամեակներ առաջ մեկնէր անդենական։
…Պէյրութ, 1963 կամ 1964․․․ Յիշողութիւնս սկսած է խաղեր խաղալ։ Օգոստոսեան շոգ ու կիզիչ Կիրակի կէսօրէ ետք մը, երբ Ուզայիի ծովափէն («Սէն Սիմոն» կը կոչուէր) կը պատրաստուէինք տուն վերադառնալու, հազիւ 7-8 գարուններ բոլորած մեր անհանդարտ եւ աշխոյժ Հուրին վազեց՝ ճամբուն միւս կողմը անցնելու միտումով, եւ յանկարծ վիթխարի ինքնաշարժ մը բախեցաւ քրոջս, որ օդին մէջ ակամայ թռիչք մը կատարելով, ինկաւ գետին։ Այդ ակնթարթէն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեմ յիշեր։ Մինչեւ օրս ալ չեմ գիտեր, թէ ո՞վ, ետեւէս վրայ հասնելով՝ իր ափերով աչքերս փակեց։ Մա՞յրս էր արդեօք, թէ՞ միւս քոյրս՝ Գոհարը։
Աղիողորմ վիճակի մէջ էի․ երկուքով մէկ էինք, արդեօք մէկով մէ՞կ պիտի ըլլայինք…
Ո՛չ։ Այդպէս չեղաւ, եւ քանի մը օր ետք, Հուրին տուն վերադարձաւ։ Քիչ մը անկողինի ծառայեց եւ ապա, օ՛ն, ոտքի՛։ Ոչ մէկ մարմնային վնասուածք։ Միեւնոյն ուշիմ ու խելացի Հուրին էր։ Մեր տան ամենափայլուն աշակերտը (իսկ, թող ներէն իր դասընկերները, դասարանին լաւագոյն աշակերտներէն)։
Քանի մը օր առաջ, իր տան պիտոյքները դասաւորելու պահուն, ձեռքերնիս անցաւ իր վիճակացոյցերը։ Ո՛չ մէկ վերաքննելի: Որոշուած տեղը՝ միեւնոյն «քլիշ»էն․ «Ժիր եւ ուշիմ աշակերտ, կը փոխանցուի (յաջորդ) դասարան»։
Յիշեցի. արկածին հետեւանքով, ողնայարն ալ չէր վնասուած։ Ճեմարանի մարզանքի բաժնի պատասխանատուին՝ եղբ․ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի հլու մարզիկներէն էր։ Կատակելով զինք կը կոչէինք John McArthur Sports Academy-ի շրջանաւարտներէն: Պրպտումիս ատեն, շահած մետալներն ալ գտանք։
…Ժամացոյցին սլաքներուն հետ հասնինք եօթանասունականներու կէսերը։ Պատերա՜զմ: Հուրին, Ամերիկեան համալսարանի վերջին քննութիւններէն մէկը տալու համար, երբ կ՛ուղղուէր դասարան, յանկարծ ռումբ մը կ՛իյնայ մօտերը եւ ան հոգեպէս ծանր ցնցում կ՛ապրի։
Ու իր կեանքին պատմութիւնը կը շարունակուի. սեղմ տողերով՝ ընկճուածութիւն, Պէյրութէն Լոս Անճելըս, ապա քաղցկեղ, ծանր դեղերու գործածութեան հետեւանք՝ երիկամունքներու վնասուածք եւ վերջին շաբաթներուն, իր այդքա՜ն փայլուն ու պայծառ յիշողութիւնն ալ սկսած էր նահանջներ ունենալ։
Այսպէս, հետզհետէ հիւծեցաւ եւ հալեցաւ Հուրին։
Վերջին օրերուն, ի հակադրութիւն Միլան Քունտերայի մէկ արտայայտութեան՝ անտանելիօրէն ծանր դարձած էր Հուրի էակը, այնքա՛ն մը որ ան կը պաղատէր հիւանդապահներուն՝ զինք փրկել կեանքի տառապանքներէն։
Ազատ ու անկախ միտքի տէր էր։ Այդպէս ալ իր խօսքին տէրը եղաւ, ինչպէս կը շեշտէ իր դասընկերուհիներէն՝ Անի Աստուրեանը իր գրութեան մէջ, եւ 28 Մայիսին անցաւոր աշխարհին հրաժեշտ տուաւ մեր քաջ քոյրը՝ Հուրին։
Հիմա, հարցադրումի կարիք չկայ։ Երկուքով մէկ չենք այլեւս, այլ մէկով մէկ։
Անուններուն շարքը երկար է այն ընկերներուն, բարեկամներուն, դրացիներուն, որոնք սրտանց գուրգուրացին եւ ամէնէն դաժան օրերուն չմոռցան Հուրին․․․
Թուական մը՝ 1955, ապա գծիկ (ալեկո՜ծ գիծ) եւ թուական մը՝ 2024։