Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստութեան ծիրին մէջ, 15էն 24 Յուլիսին, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան «Արծիւ գործընկեր-2024» Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համատեղ զօրավարժութիւնները: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Զօրավարժութիւններուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ջոկատի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու եւ Քենզըսի ազգային ջոկատի զինուորները:
Զօրավարժութիւնները կ՛ենթադրեն խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերու միջեւ կայունացման գործողութիւններ. անոր նպատակն է՝ բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցող ստորաբաժանումին փոխգործակցութեան մակարդակը՝ խաղաղապահ գործողութիւններու ծիրին մէջ, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցութեան լաւագոյն փորձառութեան փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանումին պատրաստուածութիւնը:
Քենզըս նահանգի Ազգային ջոկատի հրամանատար, զօրավար Մայքըլ Ուենըրտի խօսեցաւ «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութիւններուն մասին: «Տարիներու ընթացքին, Քենզըսի ազգային ջոկատը ամուր համագործակցութեան կապեր հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, իսկ մեր հայ գործընկերներուն հետ միացեալ զօրավարժութիւններուն իրականացումը, ինչպէս՝ «Արծիւ գործընկեր»ը, թոյլ կու տայ մեծցնելու վստահութիւնը եւ բարեկամութիւնը մեր երկիրներուն եւ մեր զինուած ուժերուն մէջ ծառայող կիներուն եւ տղամարդոց միջեւ», ըստ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, ըսաւ Ուենըրտի:
Զօրավարժութեան ծիրին մէջ հայկական եւ ամերիկեան կողմերը կը զարգացնեն խաղաղապահ գործողութիւններ կատարելու իրենց կարողութիւնները` իրականացնելով կրակային եւ կայունութեան ապահովման պատրաստութեան, զէնքերու հետ ծանօթացման եւ հրաձգարանի ղեկավարման միջոցառումներ: