
Երկուշաբթի, 8 Յուլիսի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին, գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանի:
Առաջնորդ սրբազանը եւ Կեդրոնական կոմիտէն երկուստեք շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանակելէ ետք, Գեղամ արքեպիսկոպոսը յաջողութեան ջերմագին մաղթանքներ փոխանցեց բոլորին՝ յառաջիկայ շրջանի իրենց գործունէութեան մէջ:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, յանուն Ազգային վարչութեան՝ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն հայ ազգի տան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ զրոյց հայրենիքի ու Սփիւռքի հայութեան ներկայ իրավիճակին եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան բազմաշերտ կարելիութիւններուն մասին՝ կրթականէն մինչեւ եկեղեցաշինական, ազգայինէն մինչեւ համահայկական:
Հուսկ, առաջնորդ սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց Սփիւռքի ամէնէն հայահոծ շրջանի գաղութային կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու նպատակով տարուած ջանքերուն առիթով եւ շեշտեց՝ միասնականութեան, իրարօգնութեան ու խաղաղարար ոգիով գործակցաբար յառաջ ընթանալու անհրաժեշտութիւնը՝ հայրաբար թելադրելով, որ գաղութին մէջ գործող իւրաքանչիւր մարմին կամ միաւոր ի՛ր իսկ առաքելութեան ծիրին մէջ իր ներդրումը պէտք է բերէ նոր ժամանակներու պահանջներէն թելադրուած եւ արդիական մեթոտներով: