Ռուսիոյ Տումային մէջ ԱՊՀի հարցերու յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Կոնսթանթին Զաթուլին յայտարարեց, որ սուտ է Հայաստանի իշխանութիւններուն այն յայտարարութիւնը, որ «Ռուսիա յանձնեց Ղարաբաղը, սուտ է եւ ուղղուած է Ղարաբաղի հանդէպ գործած սեփական դաւաճանութեան, արեւմտեան ճամբար անցնելու որոշման արդարացման»:
Նոյն ատեն Զաթուլին խոստովանեցաւ, որ ռուսական կողմը ամէն ինչ ճիշդ չըրաւ:
«Պարոն Արմէն Գրիգորեան (Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար) իր աղմկայարոյց յայտարարութեամբ Ռուսիոյ վերագրեց Լեռնային Ղարաբաղի կորուստին եւ յանձնման պատասխանատուութիւնը. Ռուսիա յայտնուեցաւ շատ բարդ, ես կ՛ըսէի յիմար վիճակի մը մէջ, որովհետեւ կողմերուն, նախ եւ առաջ հայկական կողմին խնդրանքով Ղարաբաղի մէջ տեղակայելով իր խաղաղապահները, Մոսկուա հետագային չստացաւ խաղաղապահներուն գործելու կարելիութիւն տուող լիազօրութիւն: Եւ ամէնէն կարեւորը, 2022ին Հայաստանի վարչապետը արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ հրապարակաւ յայտարարեց, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի ներքին հարցն է», ըսաւ Զաթուլին:
Ըստ անոր` «նոր պատերազմ մը կանխելու, խաղաղութեան հասնելու եւ յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու պատրուակով Փաշինեան պարզապէս լքած է Ղարաբաղի իր հայրենակիցները»:
«Այն, ինչը տեղի ունեցաւ յետոյ` 2023ին, ասոր հետեւանքն էր: Ռուսիա եւ ռուս խաղաղապահները յայտնուեցան շատ յիմար վիճակի մը մէջ` գտնուելով Ղարաբաղի մէջ եւ նոյն ժամանակ այն տարածքին, զոր Հայաստանը ի՛նք պաշտօնապէս ճանչցաւ իբրեւ Ատրպէյճան: Ի՞նչ կրնային ընել անոնք այս իրավիճակին մէջ: Կը կարծեմ, որ կարելի է ամէն տեսակի թերացում գտնել ոչ միայն խաղաղապահներու աշխատանքին, այլ նաեւ ընդհանրապէս Անդրկովկասի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններուն մէջ, բայց ըսել, որ Ռուսիա տուաւ Ղարաբաղը, անշուշտ սուտ է», ընդգծեց Զաթուլին:
Ըստ անոր՝ Փաշինեան իր ամբողջ հասարակական, ապա քաղաքական ասպարէզին ընթացքին երբեք կասկած չէ յառաջացուցած այն առումով, որ չի դասուիր յանուն Ղարաբաղի եւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարներուն համար պայքարելու պատրաստ մարդոց կարգին։
«Այո՛, եղած է շրջան մը, երբ Փաշինեան եկաւ իշխանութիւն եւ ստիպուած է հայրենասէր ձեւանալ: Ան այդ մէկը ըրաւ: Ան նոյնիսկ յայտարարեց, որ «Ղարաբաղը Հայաստա՛ն է, եւ վե՛րջ»: Եւ մէկ կողմէ իր ելոյթներով, միւս կողմէ` գործողութիւններու բացակայութեամբ, Ատրպէյճանի համար յաւելեալ առիթ ստեղծեց այդ իրավիճակէն օգտուելու համար: Եւ Ատրպէյճան օգտուեցաւ: Ես չեմ կարծեր, որ այդ պահուն մեր կողմէ ամէն ինչ ճիշդ եղաւ, եւ որ 2020ին մենք ամէն ինչ ըրինք, որ այս պատերազմը տեղի չունենայ: Բայց անոր սկսելէն ետք, գիտէք, նախագահ Փութին փորձեց կասեցնել զայն: Եւ պարոն Փաշինեան դարձեալ հրաժարեցաւ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, որովհետեւ երբ Շուշին վերցնելու մասին խօսք դեռ չկար, կը յիշէք այդ դրուագը, ան այն կարծիքը ունէր, որ Հայաստան ինք գլուխ կը հանի այս իրավիճակէն», ըսաւ Զաթուլին՝ աւելցնելով. «Ռուսիա շահագրգռուած էր, որ Ղարաբաղի հայերը ապրէին իրենց գտնուած վայրերուն մէջ, որպէսզի Ղարաբաղը որոշ պայմաններով անկախութիւն ձեռք բերէր, եթէ ոչ անկախութիւն, գոնէ պահպանէր այնպիսի կարգավիճակ մը, որ թոյլ պիտի տար հայերուն՝ ապրիլ հոն խաղաղ եւ հանգիստ: Ես միանգամայն վստահ եմ, որ այո՛, այդ էր Ռուսիոյ շահը»։