ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Խօսքի ազատութեան սկզբունքին մասին առաջին անգամ խօսուած է Քրիստոսէ առաջ, հին Յունաստանի մէջ, մասնաւորաբար՝ Աթէնքի: Ազատ խօսքը՝ (parrhesia), որ կը խորհրդանշէ մարդոց՝ արտայայտուելու, տարբեր կարծիքներ եւ հաւատամք ունենալու ազատութիւնը, այդ օրերուն կը նկատուէր ժողովրդավարութեան ամէնէն կարեւոր հիմնաքարերէն մէկը:
Սոքրաթ ազատ խօսքին մասին հանրութեան առջեւ խօսած էր եւ քննարկած ու ընդդիմախօսած էր պետական քաղաքականութեան թերի կողմերուն մասին եւ հաւանաբար անոնց սրբագրման համար ուղիներ առաջարկած էր:
Այդ օրերուն, փիլիսոփաներ գրած են նոյն նիւթերը շօշափող կոթողական գիրքեր, ինչպէս՝ Պղատոնի «Հանրապետութիւն»ը: Սակայն, գործնականօրէն այդ մէկը հաշտ աչքով պիտի չդիտուէր իշխանութիւններու կողմէ, եւ չուշացաւ Սոքրաթի մահապատիժը: Ան դատապարտուեցաւ Ք.Ա. 399ին, երիտասարդութեան հոգին այլասերելուն եւ թունաւորելուն համար:
Յունաստանէն ետք, հռոմէական հանրապետութեան կայսրութեան մէջ, ազատ խօսքը սկզբունքով պաշտպանուած եւ նոյնիսկ օրէնքով ամրագրուած էր՝ իրաւունք տալով ազատ քաղաքացիներուն քննադատելու կառավարութեան գործունէութիւնը Սենաթին հերթական լիագումար նիստերու ընթացքին։ Սակայն, բոլոր այլախոհական մտածողութիւն ունեցողներու կամ շարժումներու դէմ քաղաքական եւ ընկերային խիստ հալածանքները եւ հաշուեյարդարները սովորական երեւոյթներ էին: Օրինակներէն մէկը Թիպերիուս կայսեր ժամանակաշրջանն է:
Պէտք էր սպասել մինչեւ ԺԷ. դարը, երբ Վոլթերներու եւ ուրիշներու գաղափարները խթանեցին յեղափոխական միտքերու եւ շարժումներու տարածումը, վերջապէս յանգելով ժողովրդավարական հաստատութիւններու հաստատման, կազմակերպման եւ զարգացման:
Այսօր, Սոքրաթներու մտայղացած գաղափարներէն երկու հազարամեակներ ետք, խօսքի ազատութիւնը կը մնայ արգիլուած բռնապետական համակարգերու՝ աշխարհի մեծ մասին մէջ, բնականաբար տարբեր չափերով եւ խստութեամբ, որոնց հետեւանքներէն են, մօտիկ անցեալին, Սովետական Միութեան կուլակները, Չինաստանի Թիանանմէն հրապարակի բազմահազար ցուցարարներու հաշուեյարդարը, Ափրիկեան երկիրներու մեծամասնութեան եւ լատին Ամերիկայի կարգ մը հանրապետութիւններու մէջ այլախոհական շարժումներու բացակայութիւնը կամ ճնշումը: Միւս կողմէ, ժողովրդավար յորջորջուած երկիրներու մէջ, կառավարութիւններու կողմէ խօսքի ազատութիւնը շատ անգամ սահմանափակուած է՝ ազգային անվտանգութեան նկատմամբ սպառնալիքի պատճառաբանութեամբ:
Խօսքի եւ գաղափարներու ազատութիւնը արգելակող նուազ ազդակներ չեն ընկերային հալածանքները՝ ըլլա՛ն անոնք բացայայտ թէ անուղղակի, ընդդէմ աւանդական բարքերը մերժողներու, կրօնական փոքրամասնութիւններու կամ աղանդաւորական շարժումներու, սեռային ազատութիւններու ջատագովներու եւ քաղաքական գաղափարախօսութիւններու հետեւորդներու: Խօսքի ազատութեան սահմանափակումը ժողովրդավար երկիրներու պարագային, երբեմն պատճառաբանուած է ատելութեան խօսքի տարածումը սահմանափակելով, ինչպէս օրինակ՝ Գերմանիոյ մէջ հրէական ողջակիզումը կասկածի նիւթ դարձնելը եւ քննարկելը արգիլելու օրէնքը:
Տակաւին թարմ են աղմուկը եւ մահուան սպառնալիքները անգլիահպատակ Սալման Ռուշտիի դէմ՝ անոր Satanic Verses գիրքին պատճառով, կամ Ֆրանսայի երգիծական ՝ Charlie Hebdo թերթի պաշտօնէութեան դէմ կատարուած աղմկայարոյց սպանութիւնները, իրենց հրատարակած թիւերէն մէկուն մէջ Մոհամէտ մարգարէն ծաղրող նկարին պատճառով: Այսպիսի օրինակներ բազմաթիւ են:
Արհեստական բանականութեան զարգացումով եւ ընկերային ցանցերու երեւան գալով, խօսքը եւ գաղափարներու արտայայտութիւնը շատ աւելի տարածում ունեցան, սակայն, այս անգամ, անոր զուգահեռ ապատեղեկատուութիւնը զայն հակակշռելու ծրագրուած գործիք եղաւ:
Հայաստան դարերու ընթացքին, բնականաբար, մոլորակի միւս ժողովուրդներուն պէս անցաւ խօսքի ազատութեան (evolution-ի)եղափոխութեան զանազան հանգրուաններէ: Սկսելով քրիստոնէութեան՝ Հայաստանի պետական կրօն հռչակումէն, որ վերջապէս հայութեան վրայ պարտադրուած կրօն էր, որուն պատճառով, ըստ մեզի հասած բազմաթիւ աղբիւրներու, ոչնչացուեցան նախաքրիստոնէական բոլոր յուշարձանները, գրաւոր վկայութիւնները եւ գրականութիւնը, մինչեւ Պաւղիկեան ապա Թոնդրակեան աղանդաւորական շարժումները, որոնցմէ առաջինը, Գ.էն Ե. դարերուն սկիզբ առած էր Բարձր Հայքի մէջ, իսկ երկրորդը Թ.էն Ժ. դարերուն: Երկուքն ալ բուռն հալածանքներու ենթարկուած էին եկեղեցւոյ եւ աւատապետերու կողմէ եւ շարժման բազմաթիւ հետեւորդ գիւղերու եւ աւաններու բնակչութիւնները թէ՛ բիւզանդական տիրապետութեան տակ գտնուող Բարձր Հայքի, թէ Արեւելեան Հայաստանի՝ Սիւնիքի եւ Արարատեան դաշտին մէջ, երկրէն վտարուած էին:
Արագօրէն հասնելով մեր օրերը, զանց առնելով Խորհրդային ժամանակները, տեւաբար ականատես եղած ենք ազատ խօսքի կաշկանդումին, յաջորդական բոլոր իշխանութիւններուն օրերուն, թէկուզ տարբեր չափերով:
Ո՞վ չի յիշեր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Դաշնակցութեան գործունէութիւնը արգիլելու որոշումը: Երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու օրերուն հակառակ կաշառակերութեան եւ փտածութեան տարածուածութեան, ընդդիմութեան զգուշաւոր գործունէութիւնը տակաւին բոլորիս յիշողութեան մէջ է:
Ներկայ իշխանութեան օրերուն, երբ մեր պետութիւնը միջազգային ընտանիքին կողմէ ճանչցուած է իբրեւ նախկինին հետ համեմատած՝ ժողովրդավարութեան մակարդակով յառաջընթաց արձանագրած երկիր, արձանագրուած են դէպքեր, որոնք հակոտնեայ են խօսքի ազատութեան սկզբունքին. օրինակ՝ կարգ մը կուսակցական գործիչներու նկատմամբ երկիրը մուտքի արգելքի որոշումները:
Այս վարքը դժբախտաբար յատուկ չէ պետական օղակներուն միայն, այլ տարածուած է նաեւ կուսակցութիւններուն մէջ: Հայութեան մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւններուն կանոնագրութիւններուն մէջ վստահաբար կան խօսքի ազատութեան իրաւունքի մասին յօդուածներ, սակայն, իրականութեան մէջ, այդ սկզբունքները կը մնան միայն իտէալ մը, որուն իրական կիրարկումը միշտ ալ հանդիպած է զանազան արգելքներու եւ խոչընդոտներու եւ զայն շրջանցողները առնուազն կը հեռացուին համապատասխան կուսակցութիւններէն:
Խօսքի ազատութեան իրաւունքը յարաճուն զարգացման հոլովոյթ մը ապրելով հանդերձ, կրելով տարբեր փիլիսոփայութիւններու եւ ընկերային, հասարակական, քաղաքական զանազան ազդեցութիւնները, կը մնայ ենթակայ արհեստական արգելքներու եւ մարտահրաւէրներու, իտէալականը միշտ մնալով անհասանելի: