
Երեքշաբթի, Յուլիս 23ին, Քրեսենթա հովիտի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան կեդրոն»ը պիտի հիւրընկալէ դասախօսական ձեռնարկ մը. փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան պիտի ներկայացնէ ««Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» վէպին 90 տարիները եւ այժմէականութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:30ին: Կեդրոնին հասցէն է՝ 2633 Honolulu Ave., Montrose, CA 91020:
Աւստրիացի վիպագիր Ֆրանց Վերֆէլի վերոնշեալ գիրքը լոյս տեսած է 1933ին: Անիկա ցարդ թարգմանուած է շուրջ 40 լեզուներու, ներառեալ՝ հայերէնի եւ թրքերէնի: Անիկա կը նկատուի ոչ-հայու մը կողմէ Ցեղասպանութեան մասին գրուած ամէնէն կարեւոր վէպը: Դասախօսը պատասխաններ պիտի տայ հետեւեալ հարցումներուն. որո՞նք էին Մուսա լերան հայերը, Վերֆէլ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս գրած է գիրքը, անոր ժապաւէնի վերածումը ինչպէ՞ս ձախողութեան մատնուեցաւ թրքական կառավարութեան կողմէ, վէպը որքա՞ն այժմէական է մեր օրերուն, զայն ինչպէ՞ս կարելի է տարածել՝ հայուն ինքնութիւնը եւ Հայ Դատը ծանօթացնելու համար:
Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան իր Պսակաւոր արուեստից վկայականը (B.A.) ստացած է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճէն (այժմ՝ համալսարան), Մագիստրոս արուեստից վկայականը (M.A.) Հարաւային Իլինոյի համալսարանէն եւ Փիլիսոփայութեան դոկտոր (Ph.D) աստիճանը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA), երեքն ալ՝ պատմութեան ճիւղին մէջ: Ներկայիս ան կը վարէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը: Փրոֆ. Շէմմասեան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու եւ կազմակերպած է գիտաժողովներ ու ցուցահանդէսներ, կարդացած է դասախօսութիւններ, կատարած է հետազօտութիւններ քառասուն արխիւներու մէջ եւ հրատարակած է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներ Ցեղասպանութեան եւ Մուսա լերան վերաբերեալ: Փրոֆ. Շէմմասեանի կրթական եւ ակադեմական գործունէութիւնը յատուկ գնահատանքի արժանացած է զանազան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ: 2020ին՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ան պարգեւատրուեցաւ յատուկ գնահատագիրով մը, 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ Ֆրաց Վերֆէլի անուան պատուոյ մետալով, իսկ 2010ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան պատուոյ մետալով:
Դասախօսութեան աւարտին, ներկաներուն առիթ պիտի տրուի հարցումներ ուղղելու եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալու: Կը խնդրենք, որ ձեր ժամանակացոյցին մէջ այս ձեռնարկը նկատի առնէք:
Ստորեւ You-tube-էն տեսանիւթ մը՝ ««Լորիկ» մարդասիրական հիմնարկի ծրագիրները եւ կեանքը պաշարուած Արցախի մէջ» նիւթով, ներկայացուած՝ Երեքշաբթի, 4 Յունիսին, Քրեսենթայի յիշեալ կեդրոնին մէջ, Շանթ եւ Մարինէ Չարշաֆճեաններու կողմէ: https://www.youtube.com/watch?v=9hi-ZNAftVY
(Հաղորդագրութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)