Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուզրա Զէյա 16 Յուլիսին այցելեց Պարեկային ծառայութեան եւ ռազմական գործողութիւններու կառավարման նոր մասնաշէնքերը: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն։
Իր խօսքին մէջ Զէյա ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները շուրջ 16 միլիոն տոլար յատկացուց՝ Հայաստանի մէջ պարեկային ոստիկանութեան կազմութեան նպատակով եւ յանձնառու է աշխատիլ Հայաստանի հետ` իրաւապահ կառոյցներու բարեփոխումները յառաջ տանելու համար:
«Մենք կը շարունակենք խորացնել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ գործակցութիւնը բոլոր օղակներուն մէջ` հիմնուելով ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու, ժողովուրդներու միջեւ ամուր կապերու եւ իրաւունքի գերակայութեան նկատմամբ անսասան յանձնառութեան վրայ», ըսաւ Զէյա։

Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ՝ անդրադառնալով Փենսիլվենիա նահանգին մէջ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի դէմ կատարուած մահափորձին` ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուած համակիրի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: Գրիգորեան նշեց, որ բռնութեան որեւէ դրսեւորում անընդունելի է:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքը, կարեւոր նկատուեցաւ արդէն իսկ ձեռք բերուած յաջողութիւնները ոստիկանութեան, արդարադատութեան, փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ: Վերոնշեալ եւ շարք մը այլ ոլորտներու պարունակին մէջ, զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ գործակցութեան, որուն ծիրին մէջ Գրիգորեան կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացման գծով աջակցութիւնը: