«Միասնութիւնը մեր գլխաւոր նպատակն է: Այժմ միասնութենէն աւելի կարեւոր բան չկայ: Ցարդ, կրակողին դրդապատճառներուն մասին տեղեկութիւն չունինք: Մենք գիտենք, թէ ան ով է: Բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ` զերծ մնալու անոր շարժառիթներուն կամ կապերուն մասին շահարկումներէն», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն՝ ակնարկելով Տանըլտ Թրամփը ահաբեկելու փորձին:
«Խօսեցայ Տանըլտ Թրամփի հետ: Ես իսկապէս ուրախ եմ, որ ան ինքզինք լաւ կը զգայ եւ կ՛ապաքինի: Մեր զրոյցը կարճատեւ էր, սակայն լաւ: Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք միջադէպին ընթացքին զոհուած անձին ընտանիքին: Ան հայր էր, որ արձակուած փամփուշտներէն իր ընտանիքը պաշտպանելով կորսնցուց իր կեանքը: Ինչպէս արդէն ըսի, Ամերիկայի մէջ այս տեսակի բռնութեան կամ որեւէ բռնութեան համար տեղ չկայ: Սպանութեան փորձը կը հակասէ այն բոլորին, զորս մենք, մենք՝ իբրեւ ազգ, կը պաշտպանենք:Մենք պիտի վիճինք եւ պիտի չհամաձայնինք իրարու հետ: Ասիկա պիտի չփոխուի: Սակայն մենք չենք մոռնար, թէ իբրեւ ամերիկացիներ մենք ովքեր ենք», աւելցուց ան՝ աւելցնելով. «Տարակարծութիւնը անխուսափելի է, անիկա մարդոց էութեան մէկ մասնիկն է: Սակայն քաղաքականութիւնը մարտադաշտ պէտք չէ դառնայ, առաւել եւս՝ սպանդանոց»:
Պայտըն թուարկեց ամերիկացի օրէնսդիրներու վրայ յարձակումներու դէպքերը, Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսիի ամուսինին դէմ մահափորձը, ընտրական պաշտօնեաներու դէմ սպառնալիքները եւ Միշիկընի նահանգապետ Կրեչըն Ուիթմըրի առեւանգման դաւադրութիւնը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակը` «Էֆ.Պի.Այ.»ը, Թրամփի դէմ հանրահաւաքին ընթացքին պատահածը կը նկատէ իբրեւ հաւանական ներքին ահաբեկչական գործողութիւն:
Կը նշուի նաեւ, որ «Էֆ.Պի.Այ.»ը կը շարունակէ հետաքննել, թէ արդեօք ենթական մեղսակիցներ ունեցա՞ծ է, թէ ոչ` հակառակ այն իրողութեան, որ այս պահուն, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան առանձին գործած է: Բացի այդ, նոյն գրասենեակէն յայտնեցին, որ առայժմ չեն բացայայտած յարձակողին դրդապատճառները, սակայն կ՛աշխատին դէպքերու յաջորդականութիւնը եւ նախքան յարձակումը երիտասարդին քայլերը բացայայտելու ուղղութեամբ: