Մալթացի քաղաքական գործիչ Ռոպերթա Մեցոլա վերընտրուեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ: Ան պիտի պաշտօնավարէ2.5 տարի:
Մեցոլայի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկեցին խորհրդարանի 720 անդամներէն 562ը:
Անոր մրցակիցը` Սպանիայէն երեսփոխան, «Փոտեմոս» («Մենք կրնանք») ձախակողմեան կուսակցութեան անդամ Իրեն Մոնթերոն էր:
45ամեայ Մեցոլա Եւրոպական խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 2013ին: Ան կը ներկայացնէ եւրոպական օրէնսդիր մարմինին մեծագոյն խորհրդարանական ուժը` աջ կեդրոնի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը: