Ամերիկեան «Նիուզուիք» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց, որ Իսրայէլ Թեհրանի դաշնակիցներուն հետ իր պատերազմին մէջ կը պարտուի:
«Ուաշինկթըն Իսրայէլին կը մատակարարէ մահաբեր զէնքեր, որոնք Կազայի բնակչութիւնը կը սպաննեն, եւ անիկա պարկեշտ միջնորդ մը չէ. եթէ ամերիկացիները միջնորդութեան նկատմամբ անկեղծ են, պէտք է դադրեցնեն Իսրայէլին զէնքեր յանձնելը», ըսաւ Քանի:
Ան նաեւ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ կը փորձէ պատերազմը դէպի այլ շրջաններ կամ դէպի Լիբանան ընդլայնել՝ յաւելեալ վնասներ պիտի կրէ, իսկ Թեհրան սիոնական վարչակարգին հնչեցուցած սպառնալիքներուն առջեւ ձեռնածալ պիտի չմնայ: