
Իրենց պապենական հողերէն բռնահան եղած արցախահայերուն ուղղուած իր մարդասիրական ծառայութիւններու ծիրին մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը բժշկական աջակցութիւն կ՛ապահովէ առողջապահական հարցեր ունեցող ընտանիքներու եւ անհատներու: Այս ուղղութեամբ, յատկանշական է «Քլոտիա Նազարեան» դարմանատան գործունէութիւնը: Կեդրոնը հիմնուած էր 2017ին, բժշկական պատրաստութիւն ունեցող սուրիահայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ օժանդակելու սուրիահայ ապաստանեալներուն: Նոյն ոգիով, դարմանատունը ներկայիս պաշտօնի կոչած է արցախահայ մասնագէտներ, որոնց ներկայութիւնը հարազատութեան զգացում եւ վստահութիւն կը ներշնչէ դարմանուողներուն: Կեդրոնը օժտուած է յաւելեալ սարքերով եւ կը գործէ երկարացուած ժամանակացոյցով:
Դարմանատունը սկսաւ գործել Յունուար 2024ին, բժշկական անվճար ծառայութիւններ ապահովելով՝ սրտաբանական, գլխու, տեսողութեան, կանանց առողջապահութեան եւ մանկաբուժական հարցերու վերաբերեալ, նաեւ հոգեբանական հարցեր ունեցող մանուկներու եւ տարեցներու համար: Կեդրոնը կրնայ տարեկան աւելի քան 8000 անձերու բժշկական կարիքները հոգալ: Ըստ ընթացիկ տարուան Յուլիսի տուեալներուն՝ 2870 դիմողներէն 1200ը արցախահայեր եղած են:
«Մեր նպատակն էր՝ հարազատ շրջապատ եւ մթնոլորտ ապահովել արցախահայ մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի օգնենք անոնց հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջացման: Բնական է որ երբ ծառայութիւնները կ՛ապահովուին նոյն լեզուով հաղորդակցող եւ նոյն տագնապները ապրած անձերու միջոցաւ, անոնք կրնան յաւելեալ վստահութեան եւ ապահովութեան զգացում ներշնչել դիմողներուն: Համոզուած ենք, որ Հայաստանի մէջ համայնքային ջերմ մթնոլորտի եւ որակաւոր ծառայութիւններու ապահովումը, լաւագոյնս կ՛օժանդակեն ապաստանեալ ընտանիքներու հոգեան-ֆիզիքական արագ ապաքինումին եւ անոնց բնականոն կեանքի վերականգնումին», կ՛ըսէ ՀԲԸՄի Հայաստանի գործադիր տնօրէն Մարինա Մխիթարան։

Դարմանատան գործունէութեան առաջին իսկ օրէն, հոգեբանական հարցեր ունեցող մանուկները ստացած են համապատասխան անհրաժեշտ օգնութիւն: Լիլիթ Շահրամանեանի վկայութեամբ՝ բազմաթիւ մանուկներ օգտուած են այդ դարմանումներէն եւ անոնցմէ շատերը այլեւս կարիքը չունին օգնութեան: Շահրամանեան դարմանատան ծառայութիւններու կապի տնօրէնն է եւ Արցախէն տեղահանեալ մը: Պատերազմին պատճառով մանուկներու հոգեբանական կարիքներու աջակցութեան առընթեր, յատուկ դասընթացքներ կը կազմակերպուին ծնողներու համար, որպէսզի անոնք կարենան օգտակար ըլլալ իրենց զաւակներուն: Այս աշխատանքներուն յաջողութիւնը ապահովելու համար, արցախահայ հոգեբան մը եւ հիւանդապահուհի մը պաշտօնի կոչուած են, որպէսզի աւելի սերտ հաղորդակցութիւն ստեղծուի մասնագէտին եւ դարմանուողին միջեւ:
Դարմանումի կարիք ունեցող տարեցներ առաւելաբար կը դիմեն աչքերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ սրտաբանական հարցերով: «Դիմողները գլխաւորաբար աչքերու դարմանումի, արեան գերճնշումի եւ շաքարախտի հարցերով կը ներկայանան դարմանատուն, նաեւ վերջին երկու անհանգստութիւններուն վերաբերեալ անվճար դեղեր ստանալու համար: Երրորդ ամէնէն մեծ թիւով դիմողներ կը ներկայանան հոգեբանական աջակցութեան համար: Միայն Յունիս ամսուան ընթացքին, ունեցած ենք 47 դիմորդներ, որոնցմէ 35ը մանուկներ էին», կ՛ըսէ Շահրամանեան։
Ան կը նշէ, թէ նախքան 2020ի Արցախի պատերազմը եւ 2023ի բռնահանումը, հիւանդներ կը ներկայանային սրտաբանական որոշ անհանգստութիւններով, մինչ ուրիշներ ախտանշաններ յայտնաբերած են յատկապէս բռնահանումէն ետք: «Յաճախ կը պատահի որ դիմողներ կը ներկայանան մեզի սրտաբանական եւ ներքին անհանգստութիւններու վերաբերեալ գանգատներով եւ որոնք վերջապէս կը յանգին հոգեբանական աջակցութեան կարիքներու: Ասիկա արդիւնք է անշուշտ այն ծանրագոյն ճնշումներուն, որոնց արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ յատկապէս անցնող երեք տարիներուն», կ՛ըսէ Շահրամանեան։
Որպէսզի դարմանատունը կարենայ աւելի լաւ եւ բազմակողմանի ծառայութիւններ ապահովել դարմանումի համար իրեն դիմողներուն՝ ՀԲԸՄը կը ծրագրէ զայն օժտել անհրաժեշտ նոր կազմածներով, ժամանակի ընթացքին պակասները լրացնելու, նաեւ խնայելու համար դարմանումի կարիք ունեցողները, ախտաճանաչումի եւ դարմանումներու գծով այլ կեդրոններ դիմելու յաւելեալ ճիգը եւ ժամանակը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար եւ նուիրատուութիւններու համար հաճեցէք գործածել կապը։