Երեւան հերքեց Պաքուի այն հաղորդումը, ըստ որուն, իբր թէ 28 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 5:40ի շուրջ, Հայաստանի զինուած ուժերուն պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը հետախուզական թռիչքներ կատարած է սահմանագօտիի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը նշեց, որ Պաքուի հաղորդումը չի համապատասխաներ իրականութեան:
Պաքու աւելի կանուխ հաղորդած էր, թէ «հայկական զինուած ուժերու անօդաչու սարք մը փորձեց հետախուզական թռիչք իրականացնել Լաչինի շրջանին մէջ` իր բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ, սակայն համապատասխան ստորաբաժանումները յատուկ թեքնիք միջոցներով որսացին զայն եւ հեռացուցին տարածքէն»։