Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ արձագանգելով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ միացեալ զօրավարժութիւններուն եւ Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւններուն՝ շեշտեց, որ «Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հետ ունի երկարամեայ գործընկերութիւն, որուն օրինակը Քենզըս նահանգի Ազգային ջոկատին հետ կայուն համագործակցութիւնը` (Միացեալ Նահանգներու) պաշտպանութեան նախարարութեան Պետական գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ»: Նախարարութիւնը այս հաստատումը կատարեց «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան:
«Միացեալ Նահանգները առանձին պաշտպանական եւ ապահովական յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ, ներառեալ` համագործակցութիւնը բազմազգ զօրավարժութիւններու` Վրաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Agile Spirit, ՆԱԹՕի Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան եւ շարք մը այլ երկկողմ ձեւաչափերով` (Միացեալ Նահանգներու) պաշտպանութեան նախարարութեան Պետական գործընկերութեան ծրագիրին պէս», նշեց նախարարութիւնը:
Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կայունութեան վերաբերող հարցին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ «Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան համաձայնագիրին վերջնական ձեւակերպման ուղղութեամբ»:
«Մենք յանձնառու ենք այդ գործընթացի աջակցութեան: Եկած է խաղաղութեան ժամանակը», հաստատեց նախարարութիւնը։
Պատասխանելով ամերիկեան վարչակազմի հաւանական փոփոխութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան մասին հարցումին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անկուսակցական հաստատութիւն է: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ փոխուիլ տարբեր նախագահական վարչակազմերու օրերուն: Այնուամենայնիւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները կը մնան անփոփոխ. անոնք կը ներառեն ապահովութեան, ժողովրդավարութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման խթանում Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ»: