Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան ընդունեց Հայաստանի մէջ իր աշխատանքային գործունէութիւնը աւարտող Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավար Թիերի Ռիպոն:
Ան անգնահատելի նկատեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի մարդասիրական առաքելութիւնը՝ ընդգծելով անոր նշանակութիւնը յատկապէս պատերազմական հակամարտութիւններու ծիրին մէջ յառաջացող մարդասիրական հարցերու պարունակին մէջ:
Այս տեսանկիւնէն, Կոմիտէի նախագահը յիշեցուց 2020ի 44օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանին կատարուած յարձակումներուն ընթացքին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ թոյլ տրուած միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն մասին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յառաջացած հարցերու մեղմացման գծով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին տարած մեծ աշխատանքին համար: Քեարամեան նաեւ ընդգծեց անձամբ Ռիպոյի ներդրումը Միջազգային կոմիտէին եւ Հայաստանի քննչական կոմիտէին միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման մէջ:
Ռիպօ գոհունակութիւն յայտնեց նախընթաց ժամանակաշրջանին Հայաստանի քննչական կոմիտէին հետ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան գտնուելու վայրը անյայտ, գերի տարուած անձերու հարազատներուն հետ իրականացուող աշխատանքներուն, այդ անձերուն մասին տեղեկատուութեան փոխանակման, փոխադարձաբար բարձրացուող հարցերուն հրատապ արձագանգի ու պատշաճ աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերող հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին մարդոց գերութեան հանգամանքներու ամբողջական պարզաբանման, գերութեան մէջ գտնուող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ հետեւողական ըլլալու հանգամանքը:
Քեարամեան երախտագիտութիւն յայտնեց յատկապէս 2020ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին եւ յաջորդող ժամանակաշրջանին Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած թշնամական դրսեւորումներուն պատճառով, Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող եւ անհիմն քրէական հետապնդումներու ենթարկուող անձերու կեցութեան պայմաններուն, նախնական իրաւունքներու պահպանման հետեւելու, իրենց ընտանիքներուն հետ անոնց հաղորդակցութեան ապահովման հարցին մէջ ցուցաբերած հետեւողականութեան համար:
Քեարամեան, անդրադառնալով գտնուելու վայրը անյայտ անձերուն վերաբերող հարցերուն՝ նշեց, որ անոնք քննութեան առարկայ են պատերազմի եւ հետագայ ռազմական գործողութիւններու սանձազերծման, անոնց ընթացքին խաղաղութեան, մարդկութեան ապահովութեան դէմ ուղղուած եւ պատերազմական այլ յանցագործութիւններ կատարելու դէպքերուն առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթներու ծիրին մէջ, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է պարզել թէ՛ զինուորներուն եւ թէ քաղաքայիններու զոհուելու, անհետ կորսուելու եւ գերի տարուելու հանգամանքները: