Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատ թեկնածուներէն՝ քոնկրէսական Տենիս Քուսինիչ (Դ., Օհայօ) Նոյեմբերի սկիզբը կը պատրաստուի եղեր փոխնախագահ Տիք Չէյնիի «գահընկեցութիւթիւնը» պահանջող բանաձեւ մը ներկայացնել Ծերակոյտին, զայն ամբաստանելով Իրաքի գրաւումը ստապատիր պատճառաբանութիւններով կազմակերպած ըլլալու, նաեւ՝ նմանօրինակ «ճաշ» մըն ալ ներկայիս Իրանի դէմ «եփելու» յանցանքներով։
Դեմոկրատներու (սխալ չկարդացիք, չըսինք հանրապետականներու) ղեկավարները, ազդեցիկ դէմքերը արգելքներ յարուցած են նման բանաձեւի մը դէմ, որովհետեւ նկատեր են, որ նման պահանջի մը շուրջ խորհրդարանական բանավէճերը կրնան վնասել Դեմոկրատ կուսակցութեան։ Չէ՞ որ բազմաթիւ դեմոկրատ ծերակուտականներ ու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ ատենին մեծ ախորժակով քուէարկեցին Իրաքի վրայ յարձակման ծրագիրներուն, հիմա ալ կը ձայնակցին Իրանի դէմ նոյն եղանակը հնչեցնող երգչախումբերու, ովկիանոսի այս թէ եւրոպական ափերուն, հոգ չէ թէ ՄԱԿի քննիչները կ՚աղաղակեն, թէ վերագրումները հիմ չունին։
Քուսինիչները չեն յաջողիր, որովհետեւ կուսակցական շահերը գերադաս են երկրին ու ժողովուրդին շահերէն, նաեւ կրնան սպառնալ զէնքի ճարտարարուեստին համարատու… գրպաններու։