ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանց Նոյեմբեր 15ին համայն հայութեան կոչ ուղղեց, ընդգծելով, որ ամբողջ հայութիւնը, իւրաքանչիւր ոք, իր հնարաւորութիւններու եւ ներուժի սահմաններուն մէջ պէտք է ջանք գործադրէ Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ միայն այս ճանապարհով հնարաւոր է ապահովել երկիրի համաչափ եւ համազօր զարգացումը:
Կոչին մէջ Աղաբէկեան իր ղեկավարած հիմնադրամի գործունէութիւնը բաժնեց երեք հիմնական փուլերու. շտապ օգնութեան ծրագիրներու շրջան, որ ընդգրկած է 1992-1995 տարիները, որմէ հիմնադրամը անցում կատարած է 1995ին՝ սկսելով անյետաձգելի գործերու փուլը: Հիմնադրամի գործունէութիւնը որակապէս նոր՝ տնտեսական զարգացման փուլ թեւակոխած է 2005ին:
Ըստ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնին, այսօր հիմնադրամի նոր առաքելութիւնն է Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերու զարգացման ծրագիրը. «Այսօր Հայաստանը կանգնած է նոր խնդրի առջեւ՝ նուազեցնել գիւղի եւ քաղաքի կենսամակարդակի ու զարգացման կշռոյթի կտրուկ տարբերութիւնը»:
Նշենք, որ գիւղերու զարգացման ծրագիրով արդէն Տաւուշի մարզին մէջ ընտրուած է վեց գիւղ, ուր կատարուած են տնտեսական եւ ընկերային ենթակառոյցներու ուսումնասիրութիւններ եւ կը կատարուին համապատասխան աշխատանքներ: