Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 6 Օգոստոսին ընդունեց Ռուսիոյ ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։
Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ Ալիեւ կարեւոր նկատեց տարածաշրջանային գործընթացներուն ուղղութեամբ Մոսկուա-Պաքու կանոնաւոր կապերը, որոնք կարեւոր գործօն են Հարաւային Կովկասի եւ աւելի լայն տարածաշրջանի մը համար։
Նշելով, որ երկկողմ գործակցութեան օրակարգին վրայ կան կարեւոր հարցեր, որոնք յաջողութեամբ կը լուծուին՝ Շոյկու իբրեւ օրինակ տուաւ «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքին իրականացումը, որուն վերաբերող եռակողմ մեծ աշխատանքներ կը տարուին։
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՛աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ «3+3» ձեւաչափով գործակցութեան հեռանկարները։
Պաքուի մէջ Շոյկու նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին կից Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպովի հետ։
Մեկնաբանելով Պաքուի հանդիպումները՝ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Շոյկու ըսաւ, որ քննարկուեցան հարցերու լայն շրջանակ մը։ Անոնք, բնականաբար, կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի ապահովութեան։ «Ասիկա Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր է, որուն 10րդ հրատարակութիւնը փոխանցուեցաւ Երեւանին։ Ասոնք, անշուշտ, շատ աշխոյժ փորձեր են Արեւմուտքի կողմէ՝ միջամտելու այս գործընթացին», շեշտեց Շոյելու։