Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանապահներուն միջեւ Կիրանցի մէջ նոր ճամբու երթուղիին վրայ միջադէպեր չեն արձանագրուած. «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնեցին Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ)։
«Հրապարակ» օրաթերթը շուրջ 2 շաբաթ առաջ տեղեկացուցած էր, որ Կիրանցի մէջ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, երկու միջադէպեր արձանագրուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանապահներուն միջեւ: Ըստ թերթին՝ ատրպէյճանցիները կը պնդէին, թէ Կիրանցի մէջ կառուցուող նոր ճամբուն մէկ հատուածը կ՛անցնի Ատրպէյճանի տարածքով։
«Ազատութիւն»ը ԱԱԾին հարցուց, որ արդեօք հայ եւ ատրպէյճանցի սահմանապահներուն միջեւ որեւէ քննարկում կամ միջադէպ տեղի ունեցա՞ծ է կառուցուող նոր ճամբուն շուրջ եւ արդեօք սահմանազատումէն ետք Կիրանցի մէջ կառուցուող նոր ճամբան կ՛անցնի՞ Հայաստանի տարածքով։ ԱԱԾն, հերքելով ատրպէյճանական կողմին հետ միջադէպերու մասին պնդումները՝ վստահեցուց, որ «կառուցուող ճանապարհն ամբողջութեամբ անցնում է Հայաստանի տարածքով»։
Կիրանց տանող կամուրջը, որմէ կ՛անցնի նաեւ միջպետական ճամբուն մէկ մասը, սահմանազատումէն ետք յանձնուեցաւ ատրպէյճանական կողմին։ Հայաստան սկսաւ նոր՝ այլընտրանքային ճամբուն կառուցումը, որ արդէն կը գործէ։
Սակայն, հակառակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հերքումին, Կիրանցի բնակիչներէն մէկը, որ չէր ուզած անունը տալ, «Ազատութեան» պատմեց, որ իսկապէս այդպիսի խօսակցութիւն եղած է հայ եւ ատրպէյճանցի սահմանապահներուն միջեւ, երբ ատրպէյճանցիները չափագրումներ կատարելէ ետք պնդեցին, որ նոր ճամբուն մէկ հատուածը կառուցուած է իրենց տարածքին մէջ։
«Հայաստան» խմբակցութեան տաւուշցի պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց դէպքը՝ ըսելով. «Որ այդպիսի բան եղել է, դա ոչ թէ մի հոգու հետ խօսելու ընթացքում եմ ես պարզել, այլ մի քանի մարդ ինձ զանգահարել է»։ Ան պատմեց, որ Կիրանցի կարգ մը բնակիչներ իրեն ահազանգեցին, որ ատրպէյճանցիները կառուցուած նոր ճամբուն նկատմամբ եւս պահանջներ ունին։
«Զանգեցին, ասացին, որ գիւղում ճանապարհի այդ հատուածում, որտեղ ադրբեջանցիները եկել ու պահանջներ են ներկայացրել հայկական կողմին, որ այդ տարածքի ճանապարհը, որ կառուցւում է դպրոցի մօտով, այդտեղ հատում կայ եւ ինչ-որ մի հատուած Ադրբեջանի տարածքն է ու միաժամանակ վէճ ու խօսակցութիւն է տեղի ունեցել սահմանապահների միջեւ, այնուհետեւ ադրբեջանցիները հեռացել են, բայց մնացել են նոյն կարծիքին, որ այդ հատուածը պէտք է անցնի իրենց վերահսկողութեան տակ», բացատրեց Դանիէլեան՝ աւելցնելով, որ սահմանազատման, Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին միակողմանիօրէն տարածքներ զիջելէ ետք, Կիրանցի մէջ ստեղծուած է իրավիճակ մը, որ անընդհատ հակամարտութիւն եւ տագնապալի վիճակ կը յառաջացնէ։
«Դպրոցի անմիջապէս հարեւանութեամբ Ադրբեջանի ստորաբաժանումներ են կանգնելու, Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհի անմիջապէս եզրին կանգնելու են ադրբեջանցիները: Անգամ այն տները, որ չեն անցել Ադրբեջանին ու անմիջապէս սահմանի բերանին են, էդ մարդիկ իրենց ապահով չեն զգում, ընդամէնը դպրոցի հարեւանութեամբ գործող մի քանի մեթր պատն է, պատից յետոյ թիթեղներով փորձել են առանձնացնել ճանապարհի այդ հատուածը, բարակ թիթեղներ են, ոչ մի կերպ չեն կարող պաշտպանիչ նշանակութիւն ունենալ», պատմեց Դանիէլեան:
Ան դիտել տուաւ, թէ Կիրանցի մէջ կրնայ կրկնուիլ այն, ինչը Շուշիի գրաւումէն ետք ստեղծուեցաւ Արցախի մէջ, երբ ատրպէյճանցի զինուորները կը վերահսկէին դէպի Արցախ տանող ճամբուն։ Այս նախադէպը նկատի ունենալով՝ Դանիէլեան չի բացառեր, որ ատրպէյճանական կողմը որեւէ պահու կարենայ փակել Հայաստան- Վրաստան միջպետական ճամբու այդ հատուածը։
«Կիրանցում կորցրեցինք կահաւորուած առաջնագիծը, առաջնագծի հետ միասին նաեւ կային ականապատ դաշտեր, որոնք նոյնպէս անվտանգային նշանակութիւն ունէին եւ այդ պաշտպանական շերտերը վերացել են: Տաւուշի այն հատուածը, որն անցել է Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ, շատ յարմար տեղ է ադրբեջանցիների համար՝ յարձակում գործելու: Իրենք արդէն այդտեղ ամուր տեղաւորուած են ու ինժեներական (ճարտարագիտական) աշխատանքներ են կատարում», ըսաւ Դանիէլեան։