Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Վարչական խորհուրդը խոր վիշտով կը գուժէ իր գործադիր տնօրէնին՝ Զաւէն Խանճեանի մահը, որ պատահեցաւ 9 Օգոստոս 2024ին, Կլենտէյլի մէջ (Քալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ)։
«AMAA-ը կը սգայ մահը իր գործադիր տնօրէնին՝ Զաւէն Խանճեանի, որ 10 տարիներ ծառայեց ընկերակցութեան իր այս պաշտօնով, առաւելագոյն հոգատարութեամբ եւ նուիրումով։ Իրականութեան մէջ, անոր ամբողջ կեանքը եկեղեցւոյ, համայնքին եւ ամբողջ հայութեան ծառայելու օրինակ եղած է թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ» ըսաւ AMAA-ի Վարչական խորհուրդի նախագահ՝ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ աւելցնելով. «Ան իսկական ղեկավար էր, շատ սիրուած ընկերակցութեան աշխատակազմին, Վարչական խորհուրդի անդամներուն եւ աջակիցներուն կողմէ։ Ան տեսիլքի մարդ էր, մեծ հաղորդակից, բազմաշնորհ գրող եւ հրապարակախօս։ Ան բարի մարդ էր, ընտանիքի մարդ էր եւ անոր բազմաթիւ թոռները անոր կեանքի լոյսն էին։ Ամէնէն առաջ ան անսասան հաւատքի տէր մարդ էր եւ Քրիստոսի իսկական զինուոր։ Պարոն Խանճեանի մահը մեծ կորուստ է AMAA-ի, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, հայ ազգին եւ ամբողջ մարդկութեան համար։ Թող Սուրբ Հոգին մխիթարէ անոր ընտանիքը եւ բարեկամները, եւ թող Տէրը օրհնէ անոր յիշատակը»։
Ամուսին, հայր, մեծ հայր, մեծ հայ, հեղինակ, հայ մշակոյթի եւ ժառանգութեան ջատագով՝ Զաւէն Խանճեան խաղաղութեամբ հեռացաւ կեանքէն, շրջապատուած՝ իր սիրելի ընտանիքով։
Զաւէն Խանճեան ծնած էր սփիւռքահայութեան քաղաքամայր «Երազային» Հալէպի մէջ, 31 Յուլիս 1944ին։ Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Վազգէն եւ Վերժին Խանճեաններու հինգ զաւակներէն մէկն էր։ Ան մեծցած էր Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, եւ եղած էր երիտասարդաց խումբին գործունեայ անդամներէն մէկը։
Հալէպի մէջ նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստանալէ եւ Aleppo College-ը աւարտելէ ետք, ան 1967ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը՝ ստանալով Պսակաւոր տիտղոսը առեւտրական վարչագիտութեան (Business Administration) մէջ։
Նոյն տարին, ան մեկնած է Արաբական Ծոցի երկիրները, ուր 13 տարիներու աշխատանքին զուգահեռ մտերիմներու հետ ամէնուրեք հիմնած է հայկական ովասիսներ։
1973ին an ամուսնացած է Սոնա Քէլլիկեանի հետ եւ ընտանիքը օրհնուած է երեք զաւակներով՝ Վազգէն, Հրակ եւ Վանա։
1979ին, ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգը, ուր յաջորդող 35 տարիներուն վարած է աշխոյժ, գործօն եւ ծառայասէր կեանք մը գաղութին կրթական, եկեղեցական, ազգային, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ՝ վարելով ղեկավար դերեր Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանին, Միացեալ Հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան, Սուրիահայութեան Զօրակցութեան հիմնադրամի – SARF-ի, Glendale Family YMCA-ի, The Salvation Army Corp-ի, Americans For Artsakh-ի եւ Armenian American Real Estate Association-ի մէջ։
1982էն 2014 տարիներուն վարած է իր սեփական անշարժ կալուածներու ընկերութիւնը։ Յուլիս 2014ին, ան հրաւիրուած է վարելու AMAA-ի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, Փրեմըս, Նիւ Ճըրզիի մէջ, ուր գործեց մինչեւ իր մահը։ Իր 10ամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, ան վերահսկեց բազմաթիւ կարեւոր իրադարձութիւններու՝ ինչպէս Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան վարժարանի բացումը, 2015ի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչումը, AMAA-ի հարիւրամեակի յաջող հանգանակութիւնը եւ տօնակատարութիւնը՝ 2018ին։
Ան աշխատակցած է երկլեզու հայ մամուլին։ Խմբագրութիւններու ուղղուած իր նամակները լոյս տեսած են արաբական, ամերիկեան եւ հայկական մամուլին մէջ։ Հեղինակ է երեք հատորներու՝ «Սրտի Եւ Մտքի Ցոլքեր» (2011), «ՀԱԼԷՊ-Առաջին Կայարան» (2013) եւ «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է Թէ Իմս» (2017)։
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ հայապահպանման գործին մէջ իր ներդրած աւանդին համար Խանճեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, որոնց կարգին 28 Մայիս 2017ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած է երախտագիտութեան մետալին։ 13 Սեպտեմբեր 2019ին, ան ստացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան պատուաւոր անդամի կոչումը:
Ան անդամ էր Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։
Զաւէն Խանճեան իր ետին կը թողու իր տիկինը՝ Սոնան, երեք զաւակները՝ Վազգէնը, Հրակը եւ անոր կինը՝ Միշէլը, եւ Վանան եւ անոր ամուսինը՝ Արմէն Վարդանեանը, հինգ թոռները եւ մէկ թոռնուհին, քոյրերը՝ Լորա Փրաթերը եւ Տիքի Տատը եւ եղբայրը՝ Տիգրան Խանճեանը եւ անոր տիկինը՝ Մարիէթ-Աստղիկը։ Անոր քոյրը՝ Անահիտ Թերճիմանեանը մահացած էր Ապրիլ 2024ին։
Զաւէն Խանճեանի կորուստը պիտի սգան ոչ միայն իր ընտանիքն ու բարեկամները, այլեւ մեծ հայ համայնքը, որուն ան ծառայեց այնքան անձնուրաց։
Յիշատակի պաշտամունքի տեղեկութիւնները պիտի հաղորդուին յառաջիկային։