ՄԱՐԻԷԹ Մ. ՕՀԱՆԷՍ
Մեծ հաճոյքը ունեցանք վայելելու պատմաբան դոկտ. Մելինէ Անումեանի ներկայութիւնը Պոլսահայ միութեան երդիքին տակ, Չորեքշաբթի, 7 Օգոստոս 2024ին, անոր Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր միութեան Մշակութային յանձնախումբին կողմէ: Ներկայ էին միութեան անդամներ եւ հիւրեր:
Պատմաբան Անումեան շեշտեց երիտթուքերու դատավարութիւններու դատական արձանագրութիւններու բացառիկ կարեւորութեան մասին եւ աւելցուց, որ թուրք առաջնորդները փաստագրած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքը թրքական պաշտօնական արձանագրութիւններուն մէջ եւ այդ օրերուն լոյս տեսնող պարբերականներու մէջ:
Անումեան յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը որոշած էր պաշտօնապէս դատապարտել Ցեղասպանութեան հեղինակները եւ մասնակիցները՝ յուսալով, որ կրնայ թեթեւցնել անոնց պատիժը կամ ազատել զանոնք: Բամախօսը ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանաչելու պատճառներէն մէկը այն է, որ Թուրքիոյ բազմաթիւ այսպէս կոչուած «հերոսներ» մեղաւոր եղած են Ցեղասպանութեան մէջ:
Զեկուցումին ընթացքին բացատրութիւններ տրուեցաւ նաեւ 1919էն 21 տեղի ունեցած երիտթուրքերու բոլոր դատավարութիւններուն մասին, որոնք օսմաներէնէ թարգմանուած են դոկտ. Մելինէ Անումեանի կողմէ։

Պատերազմին ընթացքին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք, Թուրքիոյ հանրութեան շատ մը շերտեր եւս ձեռնամուխ եղան երիտթուրքերուն մեղադրանք ներկայացնելու գործին: 1919էն 1921 թրքական ռազմական ատեանները դատական գործ սկսան իթթիհատական կուսակցութեան պարագլուխներուն դէմ: Դատարանները երիտթուրք ամբաստանեալները մեղադրեցին հայերու եւ այլազգիներու զանգուածային կոտորածները կազմակերպելուն մէջ:
Պատահական չէ, որ շատ մը հայ հետազօտողներ, գիտակցելով օսմանեան վերոյիշեալ ռազմական ատեաններու սկսած դատական գործընթացներուն եւ անոնց տուած վճիռներու գիտաճանաչողական կարեւորութեան՝ յաճախ անդրադարձած են այդ հարցի լուսաբանման` իրաւացիօրէն այդ իրադարձութիւնները գնահատելով իբրեւ թրքական պաշտօնական շրջանակներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութիւն: Այդպիսի հետազօտողներու մէջ արդէն իր հաստատուն տեղն ունի երիտասարդ թրքագէտ եւ պատմաբան Մելինէ Անումեան:
Այնուհետեւ, պատմաբանը հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ առաջարկներուն։
Նշենք թէ դոկտ. Անումեան կատարած է շատ մը թարգմանութիւններ, եղած է թրքերէն հաղորդումներու թարգմանիչ եւ հաղորդավար, դասախօսած է թուրք գրականութիւն, նաեւ աշխատակցած է զանազան ցեղասպանագիտական հանդէսներու մէջ:
Հանդիպում-զրոյցէն ետք, ի պատիւ դոկտ. Անումեանի՝տեղի ունեցաւ հիւրասիրութեան մտերմիկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին արտայայտուեցան սրտի խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ: