
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական եւ հիմնական ցանկերուն մէջ պատմութեան եւ մշակոյթի քանի մը անշարժ յուշարձաններ ընդգրկելու հարցը:
Քննարկման մասնակցեցան նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոն»ի, «Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ (հիմնարկի)»ի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ համապատասխան մասնագէտներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային լանդշաֆտը (բնանկարը)» յայտը ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկին մէջ ընդգրկելու ժամանակացոյցը եւ հարցերը: Որոշուեցաւ ընթացիկ տարուան աշնան մեկնարկել վերոնշեալ յայտի նախնական գնահատման գործընթացը:
Աւելի կանուխ՝ 20էն 30 Յուլիս 2024ին Հնդկաստանի Նիւ Տելհի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 46րդ նստաշրջանին, «Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային լանդշաֆտը» ընդգրկուեցաւ Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ:
Հանդիպում-քննարկման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ համայնքներու, հասարակական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը:
Քննարկման օրակարգի երկրորդ հարցը` «Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովտի յարակից տարածքները» եւ «Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը»` ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկուած յայտերու տուեալները այս տարի թարմացնելուն կը վերաբերէր։
Նշուեցաւ, որ կը պատրաստուի յայտ մը` «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի յուշարձանախումբը, «Քարերի սիմֆոնիա» բնական յուշարձանը եւ յարակից կիրճը նոյնպէս ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ արձանագրելու համար: