Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու եւ Շուռնուխ գիւղի որոշ հատուածներ Ատրպէյճանին յանձնելէն 3.5 տարիներ ետք, արտաքին գործոց նախարարութիւնը 13 Օգոստոսին հաստատեց, որ սյդ փուլին, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները յուշագիր ստորագրած են:
Դեկտեմբեր 2020ին, գաղտնաբար ստորագրուած այդ յուշագիրով էր որ հայկական զինուած ուժերը դուրս բերուեցան Կուբաթլուի եւ Զանգելանի շրջաններու մէկ մասէն եւ անոնց վերահսկողութիւնը անցաւ Ատրպէյճանին:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ հայաստանցիներուն ասիկա յայտնի դարձաւ ստորագրութենէն միայն երկու ամիս ետք, երբ փաստաթուղթին ոչ-պաշտօնական տարբերակը յայտնուեցաւ համացանցին վրայ: Բայց նոյնիսկ այն ատեն իշխանութեան կարգ մը ներկայացուցիչներ յամառօրէն կը փորձէին այդ փաստը գաղտնի պահել:
«Ես առանց Ռուսաստանի Դաշնութեան միջնորդութեան որեւէ փաստաթղթի մասին տեղեկացուած չեմ: Բացի այդ յայտարարութիւններից, որոնք արուել են, եւ փաստաթղթերից, որոնք ներկայացուել են, կայ եւս մէկ պայմանաւորուածութիւն` վերաբերող ճանապարհահատուածին Դաւիթ Բէկ-Գորիս հատուածում, քանի որ այնտեղ ճանապարհն անցնում էր վիճարկելի հատուածներով: Դա միակ պայմանաւորուածութիւնն է ինձ յայտնի», ըսաւ 2021ին փոխվարչապետի պաշտօնը վարած Տիգրան Աւինեան:
Եւ եթէ այն ատեն փոխվարչապետի պաշտօնը վարող Աւինեան նախընտրեց ուղիղ պատասխանը շրջանցելու տարբերակը, անոր խմբակից պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեան աւելի հեռուն գնաց՝ համացանցին վրայ յայտնուած փաստաթուղթը որակելով կեղծ:
«Եկէք հէնց հիմա գնանք իմ աշխատասենեակ 300 էդպիսի փաստաթուղթ կազմենք` ցանկացած բովանդակութեամբ: Այսինքն ի՞նչ է այդ փաստաթուղթը, А4 ֆորմատի թղթի վրայ համակարգչով հաւաքած տեքստ է, որի մէջ ինչ ասես գրում են ու դա տարածում են 100 տոկոսանոց ճշմարտութիւն, ես էլ ասում եմ, եթէ այդպէս է, եթէ այդ աստիճանի է հասել այդ մանիպուլեացիան (ձեռնավարութիւնը), եկէք գնանք իմ աշխատասենեակ, ձեր ցանկացած տեքստը գրենք», ըսաւ Գաբրիէլեան։
44օրեայ պատերազմէն 2-3 ամիսներ ետք, համացանցին վրայ յայտնուած 6 կէտերէ բաղկացած յուշագիրով, որուն բովանդակութիւնը ցարդ պաշտօնապէս չէ հրապարակուած, Ատրպէյճանին անցած Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու 21 քիլոմեթրնոց հատուածին մէջ ամիսներ ետք ատրպէյճանական մաքսակէտ մը տեղադրուեցաւ: Այս բեմագրութենէն, ինչպէս այդ օրերուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ մէկ տարբերակով. «Հնարաւոր էր, բայց դրա գինը լինելու էր միջանցքային տրամաբանութիւնը»:
Հայաստան-Ատրպէյճան հետագայ բանակցութիւններէն յստակ դարձաւ, որ Պաքու միջանցքի օրակարգէն չհրաժարեցաւ նոյնիսկ Արցախի նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութիւն սահմանելէ ետք: Չվերացաւ նաեւ պատերազմի սպառնալիքը, որմէ խուսափելու համար Փաշինեան 44օրեայ պատերազմէն ետք տեղակայուած դիրքերէն զօրքերը ետ քաշելու հրաման տուաւ: Ճիշդ այդ իրագործման համար ալ Վաղարշակ Յարութիւնեան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ ստորագրեց յուշագիրը:
Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեան, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, որ արդեօք իշխանութիւնը ունէ՞ր այդպիսի փաստաթուղթ մը ստորագրելու լիազօրութիւն, որուն միջոցով տարածքներ յանձնուեցան Ատրպէյճանին՝ ըսաւ, որ եթէ խօսքը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն մասին չէ, ընթացակարգերու առումով հարց չկայ, բայց անիկա իրաւական ուժ չունի:
«Իրաւական փաստաթուղթ կը լինի, օրինակ, երբ երկկողմանի որեւէ պայմանագիր ստորագրուի, ասենք, խաղաղութեան պայմանագիր, նշանակում է` խաղաղութեան պայմանագրում պէտք է անպայման ամրագրուեն այդ յուշագրի կէտերը, որպէսզի օրինականութեան տեսք ստանայ վերջնականապէս: Իսկ յուշագիրը ստորագրում են կողմերը, երբ որ հրատապութիւնը պահանջում է ինչ-որ կերպ ամրագրել իրենց կամայայտնութիւնը, ինչ-որ ստատուս քուօ (հաստատուած իրավիճակ), համաձայնութիւն ձեռք բերել, որպէսզի կարողանան կոնկրետ (յստակ) հրատապ հարցը լուծել», յայտնեց Ղազարեան:
Իսկ ինչպէ՛ս առանց սահմանազատման սահման որոշուած եւ յուշագիր ստորագրուած է, արդեօք այստեղ իրաւական տեսանկիւնէ հարց չկա՞յ, հարցուց լրագրողը. Ղազարեան պատասխանելով՝ ըսաւ, որ եթէ պարզուի, թէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ փոխանցուած են Ատրպէյճանին, այդտեղ օրինականութեան նկատմամբ հարցեր կը ծագին։
«Ասել` Հայաստանը զիջում է տարածք, թէ` ոչ, սիրողական մակարդակով բոլորն էլ դա հիմա ասում են, բայց մասնագէտները պէտք է աշխատեն, որ մետրերով մենք տեսնենք` այդ տարածքը մերն է, թէ` ոչ: Դա արդէն մի ամբողջ գործընթաց է», ընդգծեց Ղազարեան:
«Ի դէպ, համացանցում յայտնուած յուշագրի ոչ-պաշտօնական տարբերակում, դրա գործողութեան ժամկէտը 5 տարի է` եւս 5 տարի երկարաձգելու հնարաւորութեամբ, եթէ դրա աւարտից 6 ամիս առաջ կողմերից մէկը չյայտնի յուշագրի գործողութիւնը դադարեցնելու մտադրութեան մասին: Եթէ այս դրոյթն ընդգրկուել է նաեւ պաշտօնապէս ստորագրուած յուշագրում, նշանակում է` դրա ժամկէտը կը լրանայ 1.5 տարի անց», եզրափակեց «Ազատութիւն»ը: