
Քրեսենթա հովիտի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» երիտասարդական կեդրոնի Դաստիարակչական յանձնախումբը Հինգշաբթի, 22 Օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ «Հայկական հարցերուն՝ ներառեալ Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին ժամանակակից իրաւական պատասխանները» նիւթով։
Դասախօսը դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանն է: Դասախօսական հանդիպումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:30ին, իսկ երիտասարդական կեդրոնին հասցէն է՝ 2633 Honolulu Ave., Montrose, CA 91020.
Դոկտ. Յակոբճեան միջազգային հարցերու մասնագէտ է։ Ան նաեւ պիտի վարէ քննարկումը: Պիտի քննարկուին հայ ժողովուրդին դիմագրաւած իրաւական մարտահրաւէրները, յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով Արցախի վրայ: Հիմնական հարցեր են՝ միջազգային օրէնքի հիմամբ արցախցիներու տունդարձի իրաւունքը, ինքնորոշման իրաւունքին օրինական հիմերը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնները՝ պատերազմական բանտարկեալներու նկատմամբ:
Դասախօսը քննարկման նիւթ պիտի դարձնէ արցախահայութեան կորուստներու փոխհատուցման միջոցները՝ միջազգային եւ շրջանային կառոյցներու ճամբով, ինչպէս՝ ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը, Միջազգային ոճրադատ ատեանը եւ Միջազգային օրէնքի ատեանը, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը եւ Միացեալ Նահանգներու իրաւական համակարգի որոշ դրոյթներ, ինչպէս՝ «Մակնիսքի օրէնքը»:
Դոկտ. Յակոբճեան իր դոկտորական վկայականը ստացած է Վիեննայի համալսարանէն եւ մասնագէտ է մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու: Ան յաճախած է նաեւ Լոնտոնի համալսարանը (University of London/SOAS), իսկ վերջերս հետեւած է Միացեալ Նահանգներու «Ճորճ Մէյսըն» համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքի LLM (արդի արհեստագիտութիւնը ի խնդիր իրաւագիտութեան) ճիւղին, համալսարանի «Էնթընին Սքալիա» իրաւաբանական դպրոցին մէջ: Ան լայն փորձառութիւն ձեռք բերած է բռնի տեղահանուած ժողովուրդներու ՄԱԿի կազմակերպութեան եւ յարակից կառոյցներու մէջ (UNOHCHR, UNDP եւd KAICIID)։ Վերջինը՝ միջկառավարական եւ միջկրօնական երկխօսութեան կազմակերպութիւնն է: Ան ղեկավարած է երկխօսութեան, տագնապներու լուծման եւ խաղաղութեան կառուցման նախաձեռնութիւններ եւ անդամ է Հայկական իրաւական եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնի վարչութեան ու կ՛աշխատակցի Հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան օրինական հարցերու գիտաշխատանոցին հետ: Անոր հետաքրքրութիւններու դաշտը կ’ընգրկեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները:
Դասախօսութեան աւարտին, տեղի պիտի ունենայ հարցում-պատասխանի պահ մը:
Ստորեւ կրնաք դիտել՝ «Մուսա Լերան հերոսամարտի 90ամեակը եւ անոր այժմէականութիւնը» նիւթով փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանի դասախօսութիւնը, որ տրուեցաւ Քրեսենթայի նոյն կեդրոնին մէջ՝ կայքէջին վրայ։
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆՈԽՈՒՄԲ