Նոյեմբերին տեղի ունենալիք միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու սեմին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Թրամփ-Փենս վարչակազմին (2017-2021) որդեգրած քաղաքականութեան տուաւ F գնահատականը՝ Արցախի հայերու ցեղասպանութեան ընթացքին Ատրպէյճանին աջակցելնուն եւ քաջալերելնուն համար։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ քննադատեց այն իրողութիւնը, որ Թրամփ-Փենս վարչակազմը մերժած էր հաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը, տեղի տալով Անգարայի ճնշումներուն առջեւ։ Վարչակազմը նաեւ քայլեր որդեգրած էր Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն արգելք հանդիսանալու համար։
Հայ Դատը նաեւ խիստ դատապարտելի կը գտնէ այն իրողութիւնը, որ Թրամփ-Փենս վարչակազմը հրաժարած էր պատասխանատուութեան ենթարկել Ալիեւի վարչակարգը՝ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին իր յանցագործութիւններուն համար։
Յիշեցնենք, որ Հայ Դատի յանձնախումբը աւելի կանուխ յայտարարած էր, թէ դժգոհ է նաեւ Պայտըն-Հերիս վարչակազմէն, որ կը մերժէ լուրջ քայլերու ձեռնարկել՝ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու՝ արցախահայութեան նկատմամբ իր ցեղասպանական յարձակումին համար: