
Յուլիսին, անգլերէնով հրատարակուեցաւ Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի՝ «Հնչակեան Կուսակցութեան Կազմաւորումը Ժընեւի մէջ Եւ Քսան կախաղաններու Ժառանգութիւնը » գիրքին 2րդ եւ համալրուած հատորը, որ հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ Հնչակեան կուսակցութեան Ժընեւի մէջ ձեւաւորման ակունքներուն, նաեւ հնչակեան «Քսան կախաղաններ»ու իրադարձութեան, մանաւանդ անոր լայն արձագանգին, որ մասնաւոր տեղ գտած է եւրոպական մամուլին եւ Գերմանիոյ դիւանագիտական թղթակցութիւններու մէջ։
Գիրքը միաժամանակ ցայտուն կը դարձնէ պատմական այն փաստը, որ «Քսան կախաղաններ»ը, դառնալով առաջին զոհերէն երիտասարդ թուրքերուն նիւթած հայաջինջ ծրագիրին, ստոյգ ահազանգ մըն էր հուսկ իրականացուող Հայոց Ցեղասպանութեան։
216 էջնոց հատորը ունի 86 լուսանկարներ եւ անոր հրատարակիչը «Կիլիկիա» հրատարակչատունն է. գինը՝ 20 տոլար է։ Ստանալու համար դիմել՝ www.ciliciabooks.com կայքը։
Հրատարակիչները հատորին մասին կը գրեն հետեւեալը․ «Հնչակեան կուսակցութիւնը առաջին յեղափոխական ընկերվարական կուսակցութիւնն էր Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի մէջ։ Անոր բոլոր հիմնադիրները եւ տեսաբանները մարքսիստներ էին։ Անիկա հիմնուած է կովկասահայ վեց ուսանողներու կողմէ, որոնք Արեւմտեան Եւրոպա եկած էին գլխաւորաբար Փարիզի, Մոնփէօլիէի, Լօզանի, Զիւրիխի եւ Ժընեւի համալսարաններուն մէջ ուսանելու նպատակով։ Հնչակեան կուսակցութեան վերոնշեալ հիմնադիրներէն ոչ ոք օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքացի էր, սակայն անոնք գաղափարական սեւեռակէտ դարձուցած էին ազատագրել հայ ժողովուրդը օսմանեան բռնատիրութենէն։ Այս նպատակին ծառայելու համար, անոնք 1886ի վերջին քառորդին Ժընեւի մէջ հիմնեցին «յեղափոխական ընկերութիւն» մը, որուն ծրագիրը 1887ի առաջին քառորդին վաւերացնելէ ետք՝ հաստատեցին կրանիթեայ անկիւնաքարը հետագայ Հնչակեան կուսակցութեան»։