Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փակման արարողութենէն ետք, «Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Ճան Այպնըր քննադատեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն՝ Արցախի մէջ ցեղային զտում «գործադրողներուն քաղաքական աջակցութիւն տրամադրելուն» համար:
Կազմակերպութիւնը Յունիսին ձեռնարկած էր արշաւի մը՝ Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը արգիլելու նպատակով, Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտման պատճառով:
Հակառակ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին` «մարմնակրթութեան ճամբով մարդու իրաւունքներ ջատագովելու» նկատմամբ հրապարակային յանձնառութեան եւ ռուսական ու պելոռուս խումբերուն Փարիզի Ողիմպիականին մասնակցութիւնը արգիլելուն, կոմիտէն Ատրպէյճանի նկատմամբ Արցախի մէջ ցեղային զտման արշաւի համար որեւէ քայլ չառաւ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ազգային ողիմպիական յանձնախումբերու յարաբերութիւններու տնօրէն Տէյվիտ ՄըքԼոտ նոյնիսկ գրեց Ատրպէյճանի մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Ողիմպիական յանձնախումբին` ներում հայցելով «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանի զրուցավարին՝ «Լեռնային Ղարաբաղի անկումին» մասին ըսածներուն համար: Ան Ատրպէյճանին վստահեցուցած էր, որ «յստակ ցուցմունքներ տրուած են ապագային խուսափելու այդպիսի եզրերու օգտագործումէն»:
«Ասիկա յստակ պատգամ մըն է, թէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն իր ազդեցութիւնը կ՛օգտագործէ Ալիեւի վարչակարգի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոճիրները թաքցնելու համար: Անիկա Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէի իսկական առաջնահերթութիւններուն ամօթալի ցուցանիշ մըն է: «Համաշխարհային քրիստոնէական համերաշխութիւն»ը պիտի շարունակէ Ղարաբաղի ցեղասպանութեան հեղինակներու հաշուետուութեան, Ղարաբաղի հայերուն իրենց հայրենիք վերադառնալու եւ այդտեղ ազատ ապրելու իրաւունքին համար, եւ Ատրպէյճանի կողմէ պահուող, Վիգէն Էօլճեքեանի, Ռուբէն Վարդանեանի եւ Դաւիթ Բաբայեանի նման հայ պատանդներու ազատութեան համար իր արշաւը», խոստացաւ Այպընր:
Ան եզրափակեց, կոչ ուղղելով՝ «յարգելու ողիմպիականութեան սեփական արժէքները, մերժելու ողիմպիական համակարգին մէջ չարամիտ, ցեղապաշտ եւ հակաքրիստոնեայ բռնատիրութիւններու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան ճամբով մարդու իրաւունքները ջատագովելու համահունչ մօտեցում մը որդեգրելու»: