ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- «Ապրիլ» գրատունը եւ «Կալաս»ը պիտի ներկայացնեն հեղինակ եւ լեզուաբան Հրայր Վարազ Խանճեանի նոր հրատարակուած՝ «#ճիվճիվ Լեզու» գիրքը՝ Երեքշաբթի, 27 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, The Center for Armenian Arts-ի մէջ, որուն հասցէն է՝ 250 N. Orange Street, Glendale, CA։
Գիրքը պիտի ներկայացնէ՝ Դալար Շահինեան: Մուտքը ազատ է, եւ երկաները պիտի հիւրասիրուին։ Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ (818) 243-4112 թիւին կամ գրել noor@abrilbooks.com հասցէին։
«#ճիվճիվ Լեզու»ն կարճ երկլեզու բանաստեղծութիւններու շարքին երկրորդ հատորն է հայ քերթող եւ լեզուաբան Հրայր Վարազի. կողք եւ գծագրութիւններ՝ Էյմի Գազանճեան։ Այս հատորը բաղկացած է 40 զոյգ կտորներէ. նիւթերը՝ հայերէնի հաճոյքը, գիր ու ձայներու մասեր եւ բառերու պատառներ։ Անիկա նաեւ կը պարունակէ հոսող գրուածք մը՝ Հրայրին մտածումներուն մասին, Լուսնթագը եւ Երեւակը դիտած ատեն, ամառնային կանուխ առաւօտ մը։ Իւրաքանչիւր կտոր արեւմտահայերէնով եւ անգլերէնով գրուած է. բանաստեղծութիւնները ունին իրենց հնչիւնները, գրուած՝ միւս լեզուի այբուբենով. ուղղագրական ազատութիւններով գրուած եւ բառարանէն շեղումները նշուած են կապոյտ գոյնով։
Դոկտ. Հրայր Վարազ Խանճեան Ելամու (Սան Ֆրանսիսքօ) ապրող քերթող, թարգմանիչ, ուղեկից, լեզուաբան, ծաղիկ նկարող, պարող, խոր զգայարանք հոսեցնող մըն է։ Ան ուղղագրական ազատութիւններով եւ օտար բառեր (ոչ-հայերէն բառեր) ողջունող գրող մըն , որ մէկ կողմ դրած է ամօթը։ Հրայրին առաջին ինքնահրատարակուած հատորը երկրորդ անգամ տպուեցաւ եւ երկրորդ հատորը այս ամառ տպուեցաւ։ Երկու հատորները գծագրեց Էյմի Գազանճեան եւ զանոնք տպագրեց«Ապրիլ» գրատունը ։ Հրայրը նաեւ կը թարգմանէ եւ կ՛աշխատակցի Հայ Ստեղծագործներ խումբին հետ։ Ան յաճախ հանրութեան առջեւ կը կարդայ իր գրած «ճիվճիվներ»ը Սան Ֆրանսիսքոյի, Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Ապրիլ» գրատունէն)