Հայաստանին՝ պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիոյ պատուիրակութիւնը՝ ակադեմիոյ պետ, գնդապետ Արսէն Մանգասարեանի գլխաւորութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ռազմաուսումնական հաստատութիւններ ճանաչողական այցելութիւն կատարեց:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Ֆորթ Մուրի Միացեալ Նահանգներու բանակի մարտական հմտութիւններու ուսուցման եւ գերազանցութեան կեդրոնը եւ Ֆորթ Լեվընուըրթի` Միացեալ Նահանգներու բանակի հրամանատարական կազմի քոլեճը, ծանօթացաւ հաստատութիւններու ծրագիրներուն, ուսումնական գործընթացի կազմակերպման յատկութիւններուն եւ հետեւեցաւ դաշտային վարժանքներու:
Հայկական կողմը ամերիկեան գործընկերներուն հետ քննարկեց հետագայ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Միացեալ Նահանգները յայտարարեց, որ մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին՝ ապահովութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման հարցին մէջ, որ, իր կարգին պիտի նպաստէ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ամրապնդման: