
Մինչ հայութիւնը կլանուած է Արցախի հայաթափումին ստեղծած մարդասիրական տագնապով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հպարտութեամբ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ տագնապահար հայութեան եւ դէմ դնել զայն ընկճելու ջանքերուն։
Այս պայմաններուն մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հրաւիրէ իր հիւրերը, համայնքային ղեկավարները եւ գործիչները՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու մեծարումներու նուիրուած իր տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ (9876 Wilshire Blvd, Beverly Hills, CA 90210)։
Այս տարուան ձեռնարկը առիթ մը պիտի հանդիսանայ հայութեան ձայնը միաւորելու՝ դէմ դնելու համար Ատրպէյճանի բռնարարքներուն եւ սպառնալիքներուն եւ վերահաստատելու արդարութեան հասնելու ու Հայկական Հարցը պաշտպանելու՝ Հայ Դատին առաքելութիւնը։
Հայութեան տոկունութիւնը ցուցադրելու եւ Հայ Դատի պայքարը շարունակելու ջանքերը ընդարձակելու նպատակով դրամահաւաք կատարելու լաւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ այս նախաձեռնութիւնը։
«Այսօր հայութիւնը պարտաւոր է միացեալ ճակատ կազմելու՝ ազդու կերպով դէմ դնելու համար Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն, որպէսզի հայութիւնը կարենայ վերականգնել իր հզօրութիւնը եւ վերատիրանալ իրմէ խլուած տարածքներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։
Մեծարեալները պիտի բացայայտուին յառաջիկայ շաբաթներուն։
Տեղեր ապահովելու, հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել կայքէջը։