Ռուսական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, թէ ռուսական խանութներու մէջ վաճառուող հայկական քոնեաքին 90 տոկոսը ապահով չէ, սակայն Հայաստանի սննդամթերքի ապահովութեան տեսչական մարմինը այս գծով պաշտօնական նամակ կամ գրութիւն չէ ստացած ռուսական կողմէն:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Թասս»ը կը տեղեկացնէ, թէ ծանօթացած է «Անթիքոնթրաֆաքթ» միջազգային կազմակերպութեան եւ քոնեաք, ալքոլ եւ ոգելից ըմպելիներ արտադրողներու միութեան համատեղ ուսումնասիրութեան։
Ըստ նոյն լրատուամիջոցին՝ ուսումնասիրութեան համար ձեռք բերուած են առաւել քան 20 ապրանքանիշի քոնեաքի 200 նմոյշներ: Ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք, անոնցմէ 177ին մէջ, այսինքն՝ 89 տոկոսին, յայտնաբերուած են խախտումներ եւ պարզուած է, որ անոնց գրեթէ կէսը չի պարունակեր խաղողի ոգելից ըմպելի: