Միացեալ Նահանգները կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի դիմումը՝ «123րդ համաձայնագիր»ին միանալու համար, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ստանալու ամերիկեան հիւլէական քաղաքացիական արհեստագիտութիւններ:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի բացայայտեր բանակցային գործընթացին մանրամասնութիւնները, բայց մենք կրնանք հաղորդել, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստանի դիմումին՝ 123րդ համաձայնագիրին միանալու համար», «Սիվիլնեթ»ին տուած գրաւոր պատասխանին մէջ յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային օրէնքին՝ այլ երկիրներու հիւլէական արհեստագիտութիւն փոխանցելու համար կը պահանջուի ստորագրել Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան կանոնադրութեան 123րդ բաժինը:
Ըստ թարմացուած վերջին տուեալներուն՝ Միացեալ Նահանգները այսպիսի համաձայնութիւններ ունի 48 երկիրներու եւ տարածքներու հետ:
Եթէ Հայաստան միանայ այդ օրէնքին, անիկա կրնայ ուղի հարթել Հայաստանի մէջ ամերիկեան հիւլէական կայանի մը բացման:
Տակաւին Մայիսին, Երեւան յայտնեց, որ նոր հիւլէական կայանի մը կառուցման հարցով բանակցութիւններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Քորէայի հետ:
Յուլիսի սկիզբը, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, անդրադառնալով նոր հիւլէական կայանի մը կառուցման՝ ըսաւ, որ գործընթացը առարկայական փուլ մտած է. Երեւան Ուաշինկթընի հետ իրաւապայմանագրային դաշտի կարգաւորումը կը քննարկէ՝ նշելով, որ ներկայ դրութեամբ գնդակը Միացեալ Նահանգներու դաշտին մէջ է:
«Ակնկալում ենք, որ ԱՄՆի ներհամակարգային պրոցեդուրաներն (գործընթացները) անցնեն, այնուհետեւ մենք սկսենք աշխատել, սրանք հարցեր են, որ երկարաժամկէտ ենք լուծելու», ըսաւ Գրիգորեան՝ առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու: