«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՆ ԵՆ»

Աւարտեցան ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններուն տարեկան բանակումները:
Առաւել քան 500 երիտասարդներ թրծուեցան ազգային գիտելիքներով, մարզուեցան եւ զօրացուցին իրենց կամքը:
Բանակումին բոլոր մասնակցողները միակամ էին, որ հայ երիտասարդը ընելիք ունի եւ ամէն օր պիտի պատրաստուի պայքարի` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի:
Բանակումի օրերուն, երիտասարդներուն այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, դաշնակցական գործիչներ, Արցախի նախագահը եւ Բագրատ սրբազանը:
Անոնք զրուցեցին երիտասարդներուն հետ, ներկայ քաղաքական իրավիճակին եւ կատարուելիքներուն մասին դասախօսութիւններ տուին ու պատասխանեցին զանոնք յուզող հարցումներուն:
«Դաշնակցութեան ուժն ու ապագան Դաշնակցութեան երիտասարդներն են: Աւարտուեցին ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ եւ ՀՅԴ ՀԵՄ ամէնամեայ բանակումները: Բիւրականում եւ Աղաւնաձորում անցկացուող մէկշաբաթեայ բանակումներին մասնակցեց շուրջ 500 երիտասարդ ՀՀ բոլոր մարզերից ու Արցախից: Բանախօսների հետ ազգային կարեւորութեան հարցերի քննարկումները, ամէնօրեայ մարզումները, մարտական դասընթացները, արշաւները, ազգային երգերի եւ պարերի ուսուցումը երիտասարդներին զինեցին նոր հմտութիւններով ու գիտելիքներով, կոփեցին թէ՛ ֆիզիքապէս, եւ թէ՛ հոգեպէս», գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան: