Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ ռուսական կողմը հաստատակամ է շարունակելու եւ զարգացնելու Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը 1997ի Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրին մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն հիման վրայ:
«Այս փաստաթուղթը սահմանեց մեր միջպետական յարաբերութիւններու սկզբունքները եւ առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ կարեւոր փուլ դարձաւ ճշմարիտ դաշինքի ոգիով երկկողմ գործընկերութեան կառուցման մէջ: Մասնաւորապէս, Ռուսիա եւ Հայաստան պայմանաւորուած են բոլորովին ամրապնդել աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ համապարփակ համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, ռազմական, գիտական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Մեր երկիրները նաեւ պարտաւոր են համագործակցիլ կայունութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման գծով՝ թէ՛ Անդրկովկասեան տարածաշրջանին եւ թէ ամբողջ աշխարհի մէջ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրը կնքուած է 29 Օգոստոս 1997ին: