

Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարժարանները իրենց դռները լայն բացին՝ հիւրընկալելու համար 2024-2025 տարեշրջանի կրթական վերամուտը, որ մեծապէս խանդավառեց նախկին եւ նոր աշակերտները, պատասխանատու մարմինները, ուսուցիչները, ծնողներն ու Հայ դպրոցին բարերարները եւ բարեկամները:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նոյն առաւօտ նախագահեց Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան, որուն ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեան եւ անդամ Արա Շապանեան:
Առաջնորդը խանդավառ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն ուղղեց գնահատանքի խօսքեր՝ ընդգծելով հայկական վարժարաններու առանձնայատկութիւնները հոգեւոր, ազգային եւ հաւաքական կեանքերուն մէջ եւ բոլորին մաղթեց անխափան ու ապահով տարեշրջան:
Յաջորդ օրը, սրբազանը նաեւ ներկայ եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Մարի Գապայեան Ազգային նախակրթարանի վերաբացման հանդիսութեան եւ հայրական իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:
Յայտնենք, որ Ազգային միւս վարժարաններու վերամուտի արարողութիւններուն ներկայ եղան տեղւոյն հոգեւոր հայրերը՝ փոխանցելով առաջնորդ սրբազան հօր վերամուտին առիթով յղած պատգամը եւ բոլորին մաղթեցին կրթական օրհնաբեր տարի մը:
Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան սրբազան հօր ներկայացուցիչն էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, հանդիսութեան ներկայ եղան հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ Գեւիկ Պաղտասարեան:

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ֆերահեան Ազգային վարժարանին մէջ կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտի հանդիսութեան ներկայ եղան հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան:
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի վերամուտը օրհնեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Ճէք Հաճինեանի:
Փասատինայի մէջ գործող Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուր- մանկապարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 23 Օգոստոսին: Առաջնորդը ներկայացուց Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, որ ողջունեց կրթական ընտանիքի բոլոր անդամները, օրհնեց հաստատութիւնը եւ բոլորին փոխանցեց սրբազան հօր հայրական բարեմաղթութիւնները:

