Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութեան միութեան` ԵՈՒԷՖԱի, «Քոնֆրընս լիկ» մրցաշարքի զտումի վերջին հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի ունեցան Հինգշաբթի, 29 Օգոստոսի երեկոյեան:
Հայաստանի փոխախոյեան Երեւանի «Նոա»ն Սլովաքիոյ մէջ մրցեցաւ «Ռուժոմպերոք» խումբին դէմ, 1-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով: Սակայն, նկատի ունենալով, որ երթ մրցումին «Նոա»ն 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տարած էր, անիկա կրցաւ ապահովել «Քոնֆրընս լիկ»ին մասնակցելու տոմսը, եւրոպական 35 այլ ակումբներու կողքին։
Սակայն, Սլովենիոյ մէջ, «Ցելիէ» խումբին դէմ մրցած Հայաստանի ախոյեան Եւրոպայի «Փիւնիկ»ը չկրցաւ հասնիլ մրցաշարքին աւարտական հանգրուանին, հակառակ երթի մրցումին իր ապահոված 1-0 արդիւնքով յաղթանակին։ Արդարեւ, Հինգշաբթի օրուան մրցումին «Փիւնիկ»ը 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց՝ դուրս մնալով մրցաշարքէն։
Միւս կողմէ, Եւրոպայի Ախոյեաններու մրցաշարքին աւարտական հանգրուանին խաղալու առիթը կրցաւ ապահովել Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, երբ կրցաւ Սլովաքիոյ «Սլովան Պրաթիսլաւա»ին յաղթանակ մը շնորհել, 86րդ վայրկեանին իր նշանակած գեղեցիկ կօլով։ Այդ կօլին շնորհիւ, «Սլովան Պրաթիսլաւա»ն զտումի վերջին հանգրուանի դարձի մրցումին 3-2 յաղթանակ մը կերտեց դանիական «Միթիլենտ»ի դէմ, որ երթի մրցումին 1-1 հաւասարութիւն ապահոված էր։
Նշենք, որ Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4րդ հանգրուանի մրցումներուն, Բարսեղեան 67րդ վայրկեանին կօլային փոխանցում մը կատարեց, իսկ 7 վայրկեան ետք ինք նշանակեց «Սլովան»ի 2րդ կօլը: Շաբաթ մը առաջ, Բարսեղեան նշանակած էր կօլ մը եւս եւ այժմ 4 կօլերով կը գրաւէ ամէնէն շատ կօլ նշանակողներու երկրորդ դիրքը: