Եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը կ՚ապրի գաղափարախօսական ինքնութեան ակնյայտ տագնապ մը։ Այդ տագնապը թերեւս ամէնէն աւելի բացայայտ է Ֆրանսայի մէջ։ Հարցը վերջին նախագահական ընտրութիւններուն Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Սեկոլէն Ռուայեալի պարտութիւնը չէ միայն։ Ոչ ալ այդ պարտութեան արդիւնքով կուսակցութեան երկփեղկումի վտանգը։ Ընկերվարականներու գաղափարախօսական ինքնութեան տագնապը ամէնէն աւելի երեւան կ’ելլէ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կառավարութեան մէջ թէ անոր առաջադրած՝ միջազգային հաստատութիններու թեկնածութեանց ֆրանսացի ականաւոր ընկերվարականներու, բոլորն ալ նախկին միթերանականներ, մասնակցութիւնն է, աւելի ճիշդը՝ առանց քննադատական ոչ մէկ նախանձախնդրութեան նախագահին առաջարկած պաշտօններուն ընդունումը։
Աջակողմեան իր ինքնութեան մասին երբեք կասկածի առիթ չտուած եւ ընտրապայքարի ժամանակ իսկ Ֆրանսայի ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեանց արմատական փոփոխութիւններուն մասին հրապարակային ձեւով արտայայտուած Սարքոզիին նպատակը կասկածի առիթ չի տար. ընկերվար անհատներու եղած առաջարկին ետին պէտք է տեսնել ընդդիմութիւնը տկարացնելու, բարոյազրկելու, ինչու չէ՝ ներքնապէս պառակտելու, եւ, հետեւաբար, զայն ամբողջականօրէն չէզոքացնելու նպատակ։
Նոյնը կարելի է ըսել արաբ կամ իսլամ ծագումով անհատներ իր կառավարութեան մէջ առնելու քայլին մասին։ Ընդ որում, Սարքոզիին քայլերուն ետին ոչ թէ բազմակարծիք ու բազմազգ, ժողովրդավա՛ր հասարակութիւնը ամրապնդելն է՝ ազգային շահը հետապնդող ծրագիր պէտք է տեսնել, այլ՝ իր, այսինքն աջակողմեան, քաղաքական օրակարգի գործնականացում։ Այս իմաստով, Ֆրանսայի նախագահը ցոյց կու տայ, թէ որքանով, կամայ թէ ակամայ, սորված է իննսունական թուականներու լատինամերիկեան երկիրներու փորձառութեան դասը. նախքան լայնածաւալ տնտեսական բարեկարգումներու (հասկնալիօրէն տնտեսութեան արագ ազատականացման) նախաձեռնումին, Արժանթինի Մենէմը, Մեքսիքոյի Սալինաս տէ Կորթարին, Փերուի Ֆուճիմորին (նշելու համար ամէնէն համբաւաւորները), իւրաքանչիւրը քաղաքական ու իրաւական իր յատուկ համաթեքսթին մէջ եւ համաձայն իր պայմաններուն, նախաձեռնեցին ընդդիմութեան շատ նուրբ չէզոքացման։
Այս իրողութեան լոյսին տակ, հարցականի տակ կը դրուին Սարքոզիի առաջարկին ընդառաջող անհատներու դրդապատճառները, ի մասնաւորի երբ նման քայլ մը անխուսափելիօրէն հարցականի տակ կը դնէ իրենց գաղափարախօսական ինքնութիւնը։ Պատասխանը, ըստ երեւոյթին, անհատին սեփական փառասիրութիւնն է, քաղաքական ասպարէզը, որուն համար պատրաստ է իր սկզբունքներուն, այլեւ քաղաքական-գաղափարախօսական ինքնութիւնը անտեսելը, եթէ ոչ անոնցմէ ուղղակիօրէն հեռանալը։ Նման կացութեան մէջ գտնուողներէն է հանրածանօթ ընկերվարական Տոմինիք Սթրաուս-Քահն, կամ՝ Միջազգային դրամական հիմնադրամին (ՄԴՀ, IMF) նոր նախագահը։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՄԴՀի նախագահութիւնը աւանդաբար տրուած է եւրոպացիի մը, մինչ նոյն ժամանակամիջոցին ստեղծուած Համաշխարհային դրամատան նախագահութիւնը վստահուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (ԱՄՆ) քաղաքացիի մը։ Երկու միջազգային ֆինանսական հաստատութիւնները Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութեան (ԱՄԿ) հետ կը կազմեն անցնող յիսուն տարիներու դրամատիրական համակարգի կառուցային ազդակները։ Եւ տրուած ըլլալով, որ այդ համակարգի շարունակականութիւնը ապահովողը եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ ԱՄՆը, սպասելի է, որ Ուաշինկթըն իր վճռական խօսքը ունենայ։ Ի մասնաւորի ՄԴՀի պարագային, որոնք քուէներու 26 տոկոսը իրն է: Հետեւաբար, Սարքոզի իր թեկնածուն կրնար ունենալ, սակայն որոշումը վերջին հաշուով կախուած կը մնար ԱՄՆէն։ Այս իմաստով, Սթրաուս-Քահնի պաշտօնի հասնիլը կրնայ եւ ընթերցուիլ որպէս նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ ֆրանսացի իր գործընկերոջ ուղղութեամբ յղուած բարիկամեցողութեան նշան, կամ փոխադարձում՝ Սարքոզիի Ուաշինկթընի թիւ մէկ դաշնակիցը դառնալու որոշումին։ Հետաքրքրական է, որ Սթրաուս-Քահնի նախորդը, Ռոտրիկ տէ Ռաթօ, սպանացի էր, մօտիկ՝ Սպանիոյ նախկին վարչապետ, աջակողմեան Խոսէ Մարիա Ազնարին, որ, ինչպէս ծանօթ է, Սարքոզիին կանխած էր՝ Մեծն Բրիտանիայէն յետոյ ԱՄՆի եւրոպացի ամէնէն մտերիմ դաշնակիցը ըլլալու ձգտումին մէջ, ընդհուպ մինչեւ իրաքեան արկածախնդրութիւն, որուն ուղղակի թէ անուղղակի հետեւանքներէն եղաւ Մարտ 11, 2004ի ահաբեկչական արարքը Մատրիտի մէջ։ Յիշեցնենք, որ Ազնարի քաղաքական ասպարէզի անփառունակ վախճանն ալ այդ միջադէպով որոշուեցաւ, երբ ընտրութիւններու անմիջական նախօրեակին ան չվարանեցաւ սուտ խօսելու՝ յայտարարելով որ ահաբեկչութեան ետին պասքերն էին, սուտ մը, որ անհրաժեշտ էր հաւատալի դարձնել գէթ քանի մը օր, մինչեւ որ ընտրութիւնները հաստատէին իր յաղթանակը՝ այնպէս ինչպէս հարցախոյզները մինչ այդ ցոյց կու տային, քաջ գիտնալով, որ եթէ բացայայտուի իրականութիւնը ընտրողներուն համար, Մարտ 11ը անխուսափելիօրէն պիտի առնչուի Իրաքին։ Այդպէս ալ եղաւ:
Ի՛նչ ալ ըլլան Սթրաուս-Քահնի նշանակման հոլովոյթին յետին ծալքերը, իրողութիւնը այն է որ սպանացի Ռոտրիկօ տէ Ռաթոյին պաշտօնը գրաւող պաշտօնեան, ո՛վ որ ալ ըլլար, կամայ թէ ակամայ պիտի գտնուէր վարկաբեկուած միջազգային ֆինանսական հաստատութեան մը «փրկի»չի դերին մէջ, որ տակաւին մօտիկ անցեալին ոչ մէկ ընկերվարականի համար քաշողականութիւն ունէր պարզ այն պատճառով, որ ընկերվարական տեսլականը, կամ ծրագիրը ինքնին, որպէս նպատակ պիտի (պէտք էր) ունենար, ՄԴՀի արմատական բարեկարգումը, որուն պահանջը արդէն կը դնեն Պրազիլի եւ Հնդկաստանի նման արագ զարգացող եւ արդէն շրջանային ուժի վերածուած երկիրներ, որոնք ցարդ հազիւ թէ կը բնորոշուէին որպէս «զարգացող», եթէ ոչ «Երրորդ աշխարհ»։ Բայց նման հարցով օրակարգ չունի ՄԴՀն։ Սկզբունքով ծնունդ առած որպէս լոկ թեքնոքրաթ կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն էր ֆինանսական սուր կարիքի մէջ գտնուող երկիրներուն անհրաժեշտ փոխատուութիւնը կատարել՝ շրջանցելու համար 1929ի նման համակարգային փլուզումներ, ՄԴՀն համաշխարհայնացման հոլովոյթին հետ, եւ ազատ շուկայի «կուրուներու» ջանքերով, վերածուեցաւ աշխարհի ամենագաղափարականացած կառոյցին։ Պաղ պատերազմի յաջորդած այսպէս կոչուած «Նոր աշխարհակարգ»ի կառուցման ծրագրին մէջ ՄԴՀն խաղցաւ կեդրոնական դեր, վերածուեցաւ այն տաճարին, որուն քուրմերը պէտք է բարի վարուց վկայագիր տային այն երկիրներուն, որոնք միջազգային դրամագլուխի հոսքեր ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը ունէին։ Այդ բարի վարուց վկայագիրն ալ կը տրուէր միայն այն երկիրներուն, որոնց կառավարութիւնները կը համաձայնէին կիրարկել Ուաշինկթընի Համաձայնութեան տասնաբանեան՝ ազատ-շուկայական բարեկարգումներու տասը միջոցառումներ, որոնք որպէս թէ տնտեսութիւնները կը պատուաստէին տագնապներուն դէմ։ Պարզ է, սակայն, որ ազատ շուկայի «անտեսանելի ձեռք»ը հեքիաթ մըն էր, որ անհրաժեշտ էր պատմել քակելու համար պետական թէ հասարակական վերահսկողութեան ամէն մեքանիզմ, որ կոչուած էր նուազագոյն չափերով ապահովելու հարստութեան վերաբաշխումը. ուղղափառ տնտեսագիտութեան համար պարզապէս ոչ-հարց մը: «Անտեսանելի ձեռքին» ետին կանգնած էր հիմնականին մէջ ԱՄՆը, եւ վերջին հաշուով Ուաշինկթընէն կախուած էր այս կամ այն երկրին օժանդակելու թէ ոչ որոշումը։ Այդ իսկ պատճառով, երբ Սպիտակ տան ժամանակաւոր տէրը փոխուեցաւ 2001ի Յունուարին եւ իշխանութեան հասան միջազգային հաստատութիւններու հանդէպ խորապէս թերահաւատ, ազատ շուկայի ուղղափառութեան ամենաուղղափառ հետեւորդները, ՄԴՀն սկսաւ ամբաստանուիլ որպէս «անպարտաճանաչները» «վարձատրող» հաստատութիւն։
1999ին արդէն աւարտեցաւ Ուաշինկթընի Համաձայնութեան տասնամեակը՝ իր ստեղծած բոլոր պատրանքներով։ Երկու տարի յետոյ վրայ հասաւ Ուաշինթընի Համաձայնութեան «ամենաուշիմ աշակերտի»՝ Արժանթինի տնտեսական փլուզումը։ 2001էն ի վեր, փաստօրէն, ՄԴՀն վարկաբեկուած հաստատութիւն մըն է։ Նախ որովհետեւ իր առաջադրած «լուծումները» սխալ, չըսելու համար պարզապէս սուտ, դուրս եկան։
Երկրորդ, Ուաշինկթընի համար ան դադրած է առանցքային դեր ունենալէ միջազգային տնտեսական համակարգին մէջ։
Երրորդ, քարիւղի եւ բնական կազի գիներու անսանձ աճին հետեւանքով աշխարհի տնտեսութեան ընթացքն է որ կը փոխուի, եւ Վենեզուելլայէն մինչեւ Ռուսիա պետութիւնները այլեւս չեն վարանիր տնտեսութեան մէջ աշխուժօրէն միջամտելէ։
Չորրորդ, ազատ շուկայական համակարգի փորձառութենէն անցած շատ երկիրներ արդէն կը տեսնեն, որ խոստացուած դրախտը երբեք չիրականացաւ, ընդհակառակը համաշխարհային տարողութեամբ հասարակական բեւեռացումը վերջին քսան տարիներուն աննախընթաց կերպով սրած է։ Արդիւնքով՝ Ռուսիա, Պրազիլ եւ Արժանթին, նշելու համար գլխաւորները միջին հասողութեամբ տնտեսութիւններու, ՄԴՀին իրենց ամբողջ պարտքը վճարեցին եւ զանց առին անոր նկատառումը իրենց տնտեսական քաղաքականութեան որոշումներուն մէջ։ Ոչ իսկ արտաքին պարտքին համար այլեւս անոնք կը դիմեն ՄԴՀի միջնորդութեան, նախընտրելով առանձին բանակցիլ պարտատէրերուն հետ՝ երկիրներ ըլլան անոնք թէ սեփական դրամատուներ։
ՄԴՀի վարկաբեկումը անշուշտ զգալի է անոր թեքնոքրաթներու գրպանին համար։ Զարգացող երկիրներուն հասարակական ոլորտի մէջ ծախսերու կրճատման պատուէրներ, երբեմն նոյնիսկ «հրահանգներ» տուող հաստատութեան պաշտօնեաները արդէն քանի մը տարիէի վեր կը զգան իրենց եկամուտներու կրճատումներու ազդեցութիւնը։ Կարգ մը դէտերու համար, ՄԴՀն արդէն հոգեվարքի մէջ մտած հաստատութիւն մըն է։ Տնտեսական տագնապէն արագօրէն դուրս եկած եւ արդէն կարեւոր տոկոսով աճ արձանագրող երկիրներ այլեւս չեն հանդուրժեր ՄԴՀի միջամտութիւնը իրենց ներքին հարցերուն, ոչ ալ իր միջնորդութիւնը արտաքին պարտքի բանակցութեանց ժամանակ։ Սթրաուս-Քահն, ընկերվարականը, իր պաշտօնը ստանձնելէն յետոյ շրջապտոյտի ելած է հաստատութեան վարկը չափով մը փրկելու համար։ Ճիշդ է, իր այցելած երկիրներուն մէջ ան չի վարանիր ճիտին պարտքը կատարել եւ հաստատութեան անունով մեղայի գալ անցեալի սխալներուն համար։ Սակայն ան չի յաջողիր համոզել, որովետեւ խորքին մէջ ՄԴՀն չէ փոխուած, կը շարունակէ մնալ ազատ շուկայի տէրերուն գործիքներէն մէկը, հոգ չէ թէ պատահաբար ընկերվարականի մը ղեկավարութեան տակ։