ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Այն տպաւորութիւնը, թէ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի կողմէ ընդունուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ 106րդ բանաձեւը «մահացել է», չի համապատասխաներ իրականութեան, Նոյեմբեր 21ի ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան վստահեցուց, որ թէեւ մինչեւ Քոնկրէսի արձակուրդ երթալը բանաձեւը չքննարկուեցաւ, սակայն բանաձեւը մօտակայ ամիսներու ընթացքին քուէարկութեան կը դրուի Ներկայացուցիչներու տան մէջ:
Մանոյեան նշեց, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ հայ համայնքը կը պատրաստուին նոր թափով համոզել քոնկրէսականները՝ հարցը դնել քուէարկութեան: Ան աւելցուց, որ 106րդ բանաձեւին կողմնակից քոնկրէսականներու թիւը որոշակիօրէն նուազած է՝ 210, իսկ ընդունուելու համար անհրաժեշտ է 218 ձայն:
Ըստ Կ. Մանոյեանի, բանաձեւի քուէարկութիւնը յետաձգելու պատճառը Սպիտակ տան կողմէ գործադրուած ճնշումները եւ հակաքարոզչութիւնն էր:
Հայկական եւ թրքական մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն հետ չհամաձայնելով, Մանոյեան նշեց, որ հայկական «Արմաւիա» ընկերութեան օդանաւներու Սուրիա եւ Լիբանան կատարուող թռիչքներու արգելքը կապուած չէր 106րդ բանաձեւին հետ: Հակառակ պարագային կ’արգիլուէին նաեւ դէպի Պոլիս եւ Թուրքիոյ տարածքով եւրոպական որոշ ուղղութիւններով կատարուող թռիչքները. «Կարծում եմ հիմնական պատճառը հիւսիսային Իրաքում Թուրքիայի ծրագրած գործողութիւններն են», նշեց բանախօսը: