Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սխինաս 9 Սեպտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան՝ մասնակցելու վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկին:
Սխինաս հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, փոխվարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Եւրոպական Միութիւնը անդամ բոլոր երկիրներու դեսպաններուն մակարդակով 17 Յուլիսին համաձայնութիւն տրուեցաւ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններու սկսելու՝ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին:
Վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկսելու եւ Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին օգնելու որոշումները ընդունուեցան Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ վերջերս սերտացած բանակցութիւններու լոյսին տակ: