Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մեհտի Սոպհանի Ալավերդիի մէջ մասնակցեցաւ Իրանի նուիրատուութեամբ կառուցուած Սանահինի ժամանակաւոր կամուրջի բացման արարողութեան, որուն զուգահեռ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անգամ մը եւս անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման՝ վերահաստատեց Թեհրանի դիրքորոշումը, որ վերջինս դէմ չէ ապաշրջափակման, սակայն վստահ է, որ անիկա պէտք է տեղի ունենայ երկիրներու ազգային եւ պետական ինքնիշխանութեան տակ:
«Ապաշրջափակման վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը բոլորովին պարզ եւ ակնյայտ է: Մենք դէմ չենք ապաշրջափակման, սակայն, մենք վստահ ենք, որ ապաշրջափակման շրջագիծին բոլոր գործողութիւնները պէտք է տեղի ունենան ազգային եւ պետական ինքնիշխանութեան տակ: «Զանգեզուրի միջանցք»ին հետ կապ ունեցող բոլոր երազները եւ պատրանքները երբեք իրականութիւն պիտի չդառնան», ընդգծեց Սոպհանի:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ վերջին ապաշրջափակման պարունակին մէջ կը քննարկուին այդ ուղիներուն նկատմամբ երրորդ երկիրներու վերահսկողութիւն տալու կարելիութիւնները` Սոպհանի նշեց, որ անոր վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութիւնը իր դիրքորոշումը շատ յստակօրէն արտայայտած է:
«Մենք վստահ ենք, որ բոլոր վերահսկումները պէտք է ամբողջութեամբ ըլլան Հայաստանի կառավարութեան եւ վերջինիս ինքնիշխանութեան տակ», շեշտեց ան։
Սոպհանի յայտարարեց, որ հիմա ոչ թէ 19րդ, այլ 21րդ դարն է, եւ երկիրները ունին անկախութիւն, ինքնիշխանութիւն եւ կը գործադրեն այդ իրաւունքը:
Խօսելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ներկայի ներուժին եւ ապագային նախատեսուած նախագիծերուն մասին՝ Սոպհանի։
«Մենք երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան շատ մեծ կարողականութիւն ունինք: Այն ոլորտները, որոնց մէջ արդէն կը գործակցինք կրնան շատ լաւ հիմք դառնալ երկու երկիրներուն միջեւ թէ′ առեւտրական, թէ′ քաղաքական եւ թէ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար», ըսաւ Սոպհանի՝ աւելցնելով, որ Իրան մեծ փորձառութիւն ունի ճանապարհաշինութեան ոլորտին մէջ` մասնաւորաբար կամուրջներու շինութեան եւ ընդհանրապէս, շինարարութեան։
«Իրանի ղեկավարութիւնը նախատեսած է Հայաստանի հետ համագործակցութիւն` մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար արժողութեամբ, եւ մենք վստահ ենք, որ պիտի շարժինք այդ ուղղութեամբ: Մենք հաստատակամ ենք, որ օգտագործենք գոյութիւն ունեցող ամբողջ կարողականութիւնը: Մենք ձեր կողքին ենք եւ կը մնանք ձեր կողքին», ընդգծեց Սոպհանի՝ դիտել տալով, որ Երեւանի եւ Թեհրանի յարաբերութիւններուն շատ լուսաւոր ապագայ կը սպասէ։
Սոպհանի նաեւ յայտնեց, որ տարածաշրջանային համագործակցութեան «3+3» հարթակի (Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան, Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) նոր հանդիպման օրը որոշուած է եւ դիւանագիտական ուղիներով այդ մասին պիտի յայտարարուի։
Յիշեցնենք, որ Սանահի կամուրջը, որուն բացումը կատարեց, քանդուեցաւ գարնան` Մայիս 26ին, Դեբեդ գետին յորդելուն պատճառով: Կամուրջին բացումէն ետք, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան եւ Սոպհանի Ալավերդիի համայնքապետարանին մէջ ունեցան խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ միացեալ ծրագիրներու գործադրութեան ընթացքը։