
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, որ զեկուցում մը գրած է բռնագրաւուած Արցախի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւնները որակելով իբրեւ «ցեղասպանութիւն», յղեց աշխարհասփիւռ հայութեան իր երկրորդ բաց նամակը:
Ան կ՛անդրադարձայ երեք փոխկապակցուած հարցերու:
«Հայաստան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցելու ընթացքին կը շարունակէ մնալ վտանգի տակ: Յստակութիւն չկայ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը` 2023ի ցեղասպանութեան զոհը, կրնայ ապահով վերադառնալ իր նախնիներուն հողը: 23 հայ պատանդներ կը շարունակեն պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ: Ատրպէյճան Նոյեմբեր 2024ին, Պաքուի մէջ «COP յանուն խաղաղութեան» անունին տակ պիտի հիւրընկալէ COP29-ը` ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան հարցերու գծով գագաթնաժողովը: Եթէ հայերը ազատ չարձակուին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը անտեսուի COP29-ին մասնակցող պատուիրակներուն կողմէ, նախագահ Ալիեւին պիտի տրուի հզօր հարթակ` ալ աւելի մեծցնելու ամբողջ Հայաստանը գրաւելու իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները: Այսպիսի բեմագրութիւն մը ոչ միայն պիտի ժխտէ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղասպանութիւնը եւ պատանդները պիտի դատապարտէ երկարամեայ բանտարկութեան, այլ նաեւ ամբողջ համայնքը անցեալի մոռցուած մասունք պիտի դարձնէ, եւ այդ պիտի մեծցնէ վտանգը ինքնին Հայաստանի համար», իր նամակին մէջ կ՛ըսէ Օքամփօ:
Ան կը յայտնէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները շատ բարդ բանակցութիւններ կը վարեն: «Հայութիւնը` Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, եւ ինծի նման մարդիկ, որոնք մտահոգուած են ցեղասպանութիւններով եւ պատերազմներով, պէտք է յարգեն այդ ջանքերը` բարձրացնելով հարցին մասին իրազեկուածութիւնը եւ համախմբելով ողջ հայութիւնը` պաշտպանելու ժողովուրդը եւ հողը: Եւ այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ, երբ ամբողջ աշխարհի հայերը արշաւ կ՛ընեն: 23 Օգոստոսին, ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան դիմեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին` ապահովելու Ատրպէյճանէն բոլոր հայ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը: Ան կը գիտակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն, բայց անհանգստացած է, որ Պլինքընի խօսքերը «անուշադրութեան կը մատնուին եւ կը շարունակուին անտեսուել»։ Անցած ամսուան ընթացքին, առաւել քան 30 երկիրներէ հազարաւոր մարդիկ, որոնցմէ շատերը հայ նախնիներ ունին, հաւաքուեցան թուային ֆորումներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ: Զանոնք միաւորեց նոյն հեշթեքները` #COP29, # StopGreenwashGenocide, #FreeArmenianHostages, #FreePoliticalPrisoners: Այժմ ժամանակն է ընդլայնելու շարժումը եւ կապելու զայն ամբողջ աշխարհի մէջ որոշում տուողերուն հետ: Ալիեւի զոհերը միայն հայերը չեն: Ան կ՛ազդէ շրջակայ միջավայրին, ատրպէյճանցի քաղաքացիներուն եւ նոյնիսկ եւրոպացի պատգամաւորներուն վրայ: Ատրպէյճան, որ հարստացած է հանածոյ վառելիքով, յառաջատար դիրք կը գրաւէ կլիմայի փոփոխութիւնը շեղող համաշխարհային ջանքերուն մէջ: Վարչախումբը ոչ ոքի կը խղճայ, ան կը ճնշէ լրագրողները, ակադեմականները եւ իր սահմաններուն մէջ ոեւէ այլախոհ», կ՛ըսէ Օքամփօ, ըստ որուն, յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ COP29-ի պատուիրակներէն պահանջել բարձրաձայնել այս հարցերուն մասին:
Ան կ՛աւելցնէ, որ ուրախ է 9 Սեպտեմբերին Հայաստան այցելելու հրաւէր ստանալուն համար:
«Ասիկա բացառիկ կարելիութիւն պիտի ըլլայ հանդիպում ունենալու Հայաստանի հանրային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ մշակելու ընդհանուր ռազմավարութիւն մը:
«Հայե՛ր, եկէք պաշտպանե՛նք Հայաստանը եւ առաջնորդե՛նք աշխարհը դէպի իսկապէս խաղաղ COP29», կ՛եզրափակէ Օքամփօ: