
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Սեպտեմբերի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին։
Օրակարգի վրայ էին Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, Կազայի պատերազմը, անոր զուգահեռ Լիբանանի դիմագրաւած պատերազմի վտանգը եւ այդ բոլորին ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն վրայ։
Յատուկ կէտով քննարկումներ կեդրոնացան ՔՈՓ29-ին ընդառաջ միջազգային ատեաններու եւ մասնակցող պետութիւններու մօտ տարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու պատանդներուն ազատ արձակման նպատակով տարուող աշխատանքներուն վրայ։
Վեհափառը պարզեց Վատիկանի, ապա Ժընեւի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւններ։ Հանդիպումները առիթ եղած են արծարծելու բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջները։ Կաթողիկոսը նաեւ իրազեկեց հարթակի անդամները Իրանի եւ Գանատայի դեսպաններուն այցելութիւններուն մասին եւ անոնց ընթացքին քննարկուած թէ՛ հարաւային Կովկասի եւ թէ Միջին Արեւելքի վերաբերող հարցերը։ Այս առումներով Արամ Ա. կաթողիկոսը հարթակին մասնակցողներուն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան եւ յատկապէս բանտարկեալներու ուղղութեամբ Վատիկանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։
Ժողովականները արձանագրեցին, որ այս տարուան Յունուարին Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած թէ՛ հարթակի նիստին եւ թէ՛ Ապրիլին «Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանութիւնը» թեմայով գիտաժողովին բանաձեւուած էին աշխատանքային ուղենիշեր։ Այս նիստերուն «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամներուն կողքին կը մասնակցէին միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուի Մորէնօ Օքամփօ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ արցախահայութեան իրաւունքները հետապնդող յանձնաժողովի աշխատանքները համակարգող Վարդան Օսկանեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան։
Յունուարի եւ Ապրիլի նիստերուն ընթացքին բանաձեւուած առաջադրային կէտերը կ՛արծարծուին վեհափառին հետ՝ տարբեր պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն եւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու վերականգնման համահայկական աշխատանքներու ընթացքին։ Հետապնդուած հարցեր են Արցախի մէջ Պաքուի իրականացուցած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, վերադարձը միջազգային ապահովութեան գործիքակազմով երաշխաւորելը, ՔՈՓ29-ի ընդառաջ Ատրպէյճանի գործադրած զանազան բնոյթներու յանցագործութիւնները իրազեկելը, Արցախի առեւանգուած ղեկավարութեան, գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակումը պահանջելը ու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջազգային կառոյցներու մօտ աշխատանքը։
Նշենք, որ հերթական առցանց հանդիպումի օրակարգին վերջին կէտով հաստատուեցաւ Յունուար եւ Ապրիլ 2024ին յաջորդաբար Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած հարթակի լիագումար եւ «Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը» թեմայով գիտաժողովի նիստերուն ներկայացուած զեկուցումներու հրատարակութեան խմբագրական կազմը։ Հաւաքածոյին մէջ կը ներառուին վերը նշուած կէտերուն մասին պատմագիտական, իրաւագիտական, կրօնամշակութաբանական եւ քաղաքագիտական առանցքներով ներկայացուած զեկուցումները։