Եւրոպայի ազգային խումբերու «Ազգերու լիկայի բաժակ»ի մրցաշարքին զտումի երկրորդ մրցումներուն, Գ. կարգի խումբերու մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականը, որ իր առաջին մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը տարած էր Լաթվիոյ դէմ, Երեքշաբթի գիշեր Սքոփյէի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հիւսիսային Մակեդոնիայէն, որ ՖԻՖԱի դասաւորման մէջ Հայաստանէն 25 դիրք աւելի բարձր է։
Սուր ճակատումէ մը ետք, մրցումին վերջին 20 վայրկեաններուն Հայաստանի հաւաքականը երկու կօլեր ստանալով՝ մրցաշարքին իր առաջին պարտութիւն կրեց։
Հայաստանի հաւաքականը 10 Հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալուի Ֆարօ կղզիներուն կողմէ, իսկ 13 Հոկտեմբերի ին, Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հիւսիսային Մակեդոնիան։