Սուրիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ապտալլա Հարիս պաշտօնապէս յայտարարեց Դամասկոսի մէջ Սէուտական դեսպանատան վերաբացումը: Դեսպանատունը առաւել քան 13 տարիներ փակ մնացած էր:
«Այս երեկոյ պաշտօնապէս կը յայտարարեմ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան բացումը` իբրեւ աջակցութիւն երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Այս առիթով կ՛ուզեմ շեշտել Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան նախանձախնդրութիւնը երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար աշխատելու եւ ամէն ջանք թափելու նկատմամբ։ Այս օրը երկու եղբայրական պետութիւններու յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ կարեւոր պահ մըն է», դեսպանատան բացման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ Հարիս:
Նշենք, որ 2012ին` սուրիական տագնապի սկիզբէն մէկ տարի ետք, Սէուտական Արաբիան խզած էր Սուրիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ փակած Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը: