Դժուար է երբեմն մարդոց խօսքին վստահիլ, ինչքան ալ ինքնավստահութեամբ խօսին անոնք մեզի հետ: Սակայն երբեմն Աստուած հայրաբար մեր ականջին լսելի կը դարձնէ իր պատգամը: Իսկ դուն, եթէ լսես այդ, կը հաւատա՞ս Անոր խօսքին զօրութեան, ինչքան ան անհաւանական թուի Իր ըսածը քեզի…:
Մեռել մը վերակենդանացնելու հրաշքը պատմութեան ընթացքին միայն Աստուածորդի Յիսուսով իրականութիւն դարձաւ, Ան որ Ի՛նք կեանքն էր եւ կենսատուն ամբողջ աշխարհի: Նախաքրիստոսեան կրօններու մէջ, միայն առասպելական էակներ յիշուած են, յարալէզներ, ինչպէս մեր պատմութեան մէջ ալ կը հանդիպինք, որոնք իբրեւ թէ մեռելներ կենդանացուցեր են, լիզելով անոնց վէրքերը: Պատմական ստոյգ ծանօթութեան ու տեղեկութեանց վրայ, միայն Յիսուս կրցաւ մեռելներուն վերստին կեանք շնորհել, այնպէս ինչպէս մեր հաւատքին համաձայն, բոլոր մեռելները աշխարհի վախճանին պիտի վերակենդանանան:
Աւետարանին մէջ, քանի մը առիթներով արձանագրուած են մահացած անձերու վերակենդանացման պարագաներ: Անոնց շարքին, կը գտնենք նաեւ մահացած փոքրիկ աղջկան մը Յիսուսի ձեռքով յարութիւն առնելուն դրուագը: Պատկերացուցէք խռնուած ժողովուրդ Յիսուսի շուրջ, եւ ժողովրդապետ մը՝ հրեաներու ծերակոյտին անդամ, Անոր մօտ եկած, կ’աղաչէ իր տունը գալ ու բժշկել իր մահամերձ փոքրիկ աղջիկը: Եւ յանկարծ, ամբոխը ճեղքելով, անոր տունէն մարդիկ կու գան ու կ’ըսեն. «Զուր տեղ մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը, որովհետեւ աղջիկդ մեռաւ»:
Կ’արժէ պատկերացնել այն պահը, որուն մատնուեցաւ ժողովրդապետը, երբ լսեց իր հարազատ աղջկան մահուան բօթը: Սակայն, ո՛չ ժողովրդապետին, եւ ո՛չ ալ շուրջիններուն ափսոսալից հառաչներուն եւ արտայայտութեան առիթ տուաւ Յիսուս, երբ անմիջապէս դառնալով աղջկան հօրը, ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի»:
Ո՞վ պիտի չուզէր լսել այսպիսի քաջալերական խօսք մը իր նեղութեան մէջ, կամ յուսահատութեան ծայրագոյն պահուան ընթացքին: Նուազագոյն հիւանդութեան մը պարագային, երբ նոյնիսկ գիտենք, թէ ժամանակաւոր է եւ դիւրաւ յաղթահարելի, դարձեալ երբեմն անյուսութեամբ կը պատուի մեր հոգին, կը սպասենք որ մարդիկ քաջալերեն մեզ, սիրտ տան մեզի, օգնեն մեզի ու ձեւով մը կեանք ներարկեն մեր հոգիին: Իսկ այս պարագային, մահուան տխուր ամպով կը պատուէր մարդուն հոգին, եւ նո՛յն վայրկեանին կը լսէր երկնային մեծ յոյսին Քրիստոսի կոչը՝ մի՛ վախնար:
Ապա կը հասնին ժողովրդապետին տունը, եւ իր հետ կ’առնէ միայն Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, ինչպէս նաեւ աղջկան հայրն ու մայրը: Ներսը՝ տան մէջ, բնականաբար հարազատներ ու դրացիներ հաւաքուած կու լային ու կ’ողբային երեխային կորուստը: Յիսուս անոնց կ’ըսէ. մի՛ լաք, աղջիկը չէ՛ մեռած այլ կը քնանայ: Այնպէս ինչպէս տարօրինակ պիտի թուէր այսօր մեզի, երբ մեռելին քով կեցած, մէկը մեզի ըսէր՝ մարդը չէ մեռած այլ քնացած է, այդպէս ալ անտրամաբանական թուեցաւ այդտեղ գտնուողներուն Յիսուսի ըսածը: Ուստի, սկսան նոյնիսկ ծաղրել զԻնք: Յիսուս սակայն, բոլոր այդտեղ գտնուողները դուրս կը հանէ, ու ապա աղջկան ձեռքէն բռնելով, կ’ըսէ. ո՛վ փոքրիկ, ոտքի՛ ելիր: Ու անմիջապէս անոր հոգին կը վերադառնայ, եւ ոտքի կ’ելլէ: Մինչ ծնողքը ապշահար կը նայէին, թէ՛ իրենց մանուկին եւ թէ զայն յարուցանողին, Յիսուս կը պատուիրէ, որ ուտելիք տան յարութիւն առած փոքրիկին:
Այս դրուագին մէջ պարզ, սակայն հետաքրքրական բառ մը կայ՝ վախ: Ժողովրդապետին զգացած վախը տեսնելով Յիսուս անոր ըսաւ՝ մի՛ վախնար:
Մարդիկ այս կեանքին մէջ շատ մը բաներէ կը վախնան: Վախը իր զանազան չափերով ու աստիճաններով կը տեսնուի մեր կեանքին մէջ: Իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, մարդիկ կը վախնան գողերէն, ոճրագործներէն: Ընկերային կեանքին մէջ՝ կը վախնան բամբասողներէն, զրպարտողներէն: Քաղաքական կեանքին մէջ, կը վախնան պատերազմներէ, փտածութենէ: Իրենց առողջականին վերաբերեալ, մարդիկ կը վախնան հիւանդութիւններէ, վարակիչ ախտերէ: Գործի ասպարէզին մէջ, մարդիկ կը վախնան իրեն գործատէրերէն, կը վախնան անգործութենէ, կը վախնան ոստիկանութենէն, կը վախնան ու կը վախնան…:
Վախի լաւ տեսակներ ալ կան, որոնք աւելի «երկիւղ» ու «ակնածանք» բառերով կ’արտայայտուին: Այսինքն կան մարդիկ որոնք լաւ բաներէ կը վախնան: Այսպէս, կարգ մը մարդիկ իսկապէս կը վախնան Աստուծմէ՝ Անոր վախը կ’ունենան իրեն սրտին մէջ, որ կը կարգաւորէ իրենց ամբողջ կեանքը: Երեխաներ կը վախնան իրենց ծնողքէն, եւ ընտանեկան իտէալ սրբութիւնը կը պահպանուի իրենց երդիքին տակ: Աշակերտներ կը վախնան իրենց ուսուցիչներէն, եւ կարգապահութեամբ իրենց ուսման կը հետեւին: Հաստատութիւններու մէջ պաշտօնեաներ ու բնակիչներ կը վախնան պատասխանատուներէն, եւ անթերի կը կատարեն իրենց տրուած պարտականութիւնները: Ահաւասիկ վախին դրական տեսակները:
Սակայն կայ վախի ամէնէն սոսկալի տեսակը, որ թերահաւատութեան հետեւանքով ի յայտ կու գայ: Ա՛յդ վախն է, որ կանխեց Յիսուս, երբ գուժկան եկաւ ժողովրդապետին տունէն: Ան կրնար յուսահատիլ, ընկճուիլ, սակայն Յիսուս ըսաւ անոր՝ մի՛ վախնար: Ծանօթ է Աւետարանի դրուագներէն, թէ Յիսուս քննադատեց թերահաւատութիւնը, երբ իր վստահելի աշակերտներէն մէկը Պետրոս, ջուրին վրայէն քալելու հրահանգ ալ ստացաւ, սակայն թերահաւատութեան պատճառաւ սկսաւ ընկղմիլ ծովուն մէջ: Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր, թերահաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար:
Ինչքա՜ն շատ են այսօր ժողովրդապետին կացութեան մէջ գտնուող անձեր, որոնցմէ ոմանք հիւանդ ունին, ուրիշներ անգործութեան վախը, ոմանք մահուան սուգի մէջ են, եւ իրենց սիրելիէն առ յաւէտ բաժնուած ըլլալու վախով լեցուած: Ահա այդպիսի կացութեան մէջ, բա՛ց հոգեկան ականջներդ, ո՜վ մարդ, եւ անպայման պիտի լսես Յիսուսի քաջալերական խօսքը, որ պիտի ամրապնդէ հաւատքդ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»: Հաւատքը ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ: Իր բժշկած անձերուն հաւատքին մասին հարցումներ ուղղեց Յիսուս յաճախ: Բայց դուն կը հաւատա՞ս Անոր խօսքին զօրութեան: Վստահ եղիր, որ ես չէ որ կ’ըսեմ այս խօսքը, այլ Ան, որ յարութիւն տուաւ փոքրիկ աղջկան, անոր ձեռքէն բռնելով: Ան՝ որ կեանքն իսկ է եւ կեանք պարգեւողը ամենայն մարդկանց: